​Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

06 Ekim 2017  

​Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա -

​Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա ​Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա

Այ­սօր տե­ղե­կու­թիւն­ներ փնտռե­լու հա­մար հա­մա­ցան­ցի օգ­նու­թեան կը դի­մենք: Ո­ւի­քի­փե­տիան տար­բեր լե­զու­նե­րով գոր­ծող հան­րա­գի­տա­րան է, նո­րա­րա­րու­թեան ձեւ մը՝ լե­զո­ւի զար­գաց­ման եւ հարս­տաց­ման մէջ: ­Վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն հա­յե­րէն լե­զո­ւով նիւ­թե­րու մեծ աճ կը նկա­տո­ւի:

Հե­տաքրքրու­թիւն մը ու­նէինք հասկ­նա­լու, թէ ո­րո՞նք, ինչ­պէ՞ս, ի՞նչ գոր­ծիք­նե­րով կը ստեղ­ծեն բազ­մա­թիւ հա­յե­րէն յօ­դո­ւած­ներ:

Այս Ա­մառ, ­Յու­լիս 10էն 17, հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցանք՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի ­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեա­նի հետ ճամ­բոր­դե­լու Ա­ղո­ւե­րան (­Կո­տայ­քի մարզ, ­Հա­յաս­տան), եւ մաս­նակ­ցե­լու «­Վի­քի­մե­դիա ­Հա­յաս­տա­նի» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նադ­րա­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած «Ո­ւի­քի դա­սըն­թացք-հա­ւա­քին, սփիւռ­քի կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, մա­մու­լի աշ­խա­տա­կից­նե­րու եւ հե­տաքրք­րո­ւած ան­հատ­նե­րու հա­մար: Ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տա­կերն էին ա­ջակ­ցիլ եւ խթա­նել հա­մա­ցան­ցէն ներս հա­յե­րէ­նի բո­վան­դա­կու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի մա­սին օ­տար լե­զու­նե­րով յօ­դո­ւած­նե­րու զար­գաց­ման եւ, յատ­կա­պէս, ստեղ­ծել ու զար­գաց­նել «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիան»:

Մէկ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, եւ օ­րա­կան 10-12 ժամ խան­դա­վառ աշ­խա­տան­քով (կրնայ եւ ա­ւե­լի), մաս­նա­կից­ներս ծա­նօ­թա­ցանք «Ո­ւի­քի­փե­տիա»յի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, խմբագ­րու­թեան գոր­ծիք­նե­րուն եւ ե­ղա­նակ­նե­րուն: Ծ­րա­գի­րը հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, հա­մա­խո­հու­թեան եւ հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գի ստեղ­ծեց: ­Դա­դար­նե­րուն, տպա­ւո­րիչ էին մեր ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը՝ Ա­ղո­ւե­րա­նի հիաս­քանչ բնու­թեան, ­Չո­րու­տի կի­սա­ւեր վան­քին, Բջ­նի քա­ղա­քի բեր­դին ու հի­նա­ւուրց ե­կե­ղե­ցիին. առ­տո­ւան եւ գի­շե­րո­ւան մեր ա­րա­գա­քայլ պտոյտ­նե­րը դրա­ցի ան­տառ­նե­րուն մէջ, գի­շե­րա­յին զրոյց­նե­րը, փի­լի­սո­փա­յա­կան քննար­կում­նե­րը, երգն ու պա­րը եւ, վեր­ջա­պէս, ան­մո­ռա­նա­լի հայ­կա­կան հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը…

Դա­սըն­թաց­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին 4 եր­կիր­նե­րէ 8 ան­հատ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ «­Վի­քի­մե­դիա ­Հա­յաս­տան» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան

նա­խա­գահ Սու­սան­նա Մկրտ­չեա­նի եւ Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեա­նի:
Շա­քէ ­Ման­կա­սա­րեան – Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն (­Տու­պայ)
Թա­լին ­Նա­յիր – ­Թուր­քիա (­Պո­լիս)
Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեան – ­Յու­նաս­տան (Ա­թէնք)
Ա­րաք­սի ­Մի­քա­յէ­լեան – ­Յու­նաս­տան (Ա­թէնք)
Մա­րէն ­Պա­պեան – ­Սու­րիա (­Հա­լէպ)
Ա­նի ­Թո­փա­լեան – ­Սու­րիա (­Հա­լէպ)
Մատ­լէն Ա­ւա­գեան – ­Սու­րիա (­Հա­լէպ)
Զե­փիւռ Էք­մէք­ճեան – ­Սու­րիա (­Հա­լէպ)

Ու­րա­խա­լի էր մեր այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցու­մը եր­կու խո­շոր կրթա­կան հա­մա­լիր­նե­րու՝ «Այբ» նո­րա­րա­կան դպրո­ցի եւ «­Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ար­հես­տա­գի­տա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն­նե­րուն եւ աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հետ: Ան­մո­ռա­նա­լի զգա­ցում՝ երբ կը գի­տակ­ցինք, թէ մենք ալ, ­Զա­ւա­րեան դպրո­ցին մէջ «Այբ»ի նման ման­կա­վար­ժա­կան մե­թոդ եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նինք, թէ­պէտ դպրոց­նե­րու նիւ­թա­կան պա­րա­գա­ներն ու տա­րած­քը շատ տար­բեր են: Ա­ռա­ջա­տար ի­րենց տե­սա­կով եւ ար­տա­քի­նով, բայց մի­ջու­կը նոյնն է:

Հ­րա­ժեշ­տի ե­րե­կոն ալ իր ջերմ, զա­ւեշ­տա­լի եւ յու­զա­կան մթնո­լոր­տով դեռ եր­կար պի­տի յի­շենք…

0ԱՐԱՔՍԻԱ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+