Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ թրքական բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը միայն ահաբեկիչներուն դէմ ուղղուած է եւ քաղաքայինները թիրախ չի դարձներ:
Ան յայտնեց, որ իր երկրին բանակը կը յառաջանայ Աֆրինի ուղղութեամբ` նշելով, որ թրքական զինուորական գործողութիւնը, որ քաղաքայիններուն խնայելու համար դանդաղ կ՛ընթանայ, պիտի երաշխաւորէ տեղահանուածներուն իրենց երկիր վերադարձը:
Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումը թրքական պահանջ մըն է` նշելով, որ ահաբեկիչներուն զէնքի մատակարարումը կը շարունակուի:
Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ամերիկեան դրօշին տակ ազատօրէն կը շրջին շրջանին մէջ` ընդգծելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը երկարատեւ է եւ ժամանակ կը խլէ:
Ան ողջունեց Սուրիական ազատ բանակի զինեալները, որոնք «թրքական բանակի զաւակներուն հետ կողք-կողքի պատուաւոր պայքար կը մղեն»:
«Մընպեժը պիտի ձերբազատենք ահաբեկիչներէն…որովհետեւ անոնք անոր իսկական տէրերը չեն, այլ անոր իսկական տէրերը մեր արաբ եղբայրներն են: Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք հասնելով մինչեւ իրաքեան սահման` վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները», յայտարարեց Էրտողան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com