Աստղերու հեղեղ - Kitap Köşesi
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Kitap Köşesi :

28 Mayıs 2018  

Աստղերու հեղեղ -

Աստղերու հեղեղ Պետրոս Դուրեան

Պետրոս Դուրեան… Արեւմտահայ գրականութեան ամենասիրուած հեղինակը թերեւս, որու բազմաթիւ անգամներ տպագրուած գործերը՝ «Տրտունջք»ը, «Լճակ»ը, «Թրքուհին»ը եւ միւսները գոց կ՚արտասանեն նոյնիսկ անոնք, որոնք հազիւ հայկական դպրոց մը աւարտած եւ յետոյ չեն առնչուած հայ կեանքին։ 21 տարեկան ծաղիկ հասակին թոքախտի պատճառով կեանքէն հեռացած կեանք լեցուն այս բանաստեղծը իր ստեղծագործութիւններով հանդիսացած է հայ գրականութեան զարգացման անկիւնաքարերէն մէկը, բազմաթիւ անգամներ իրաւամբ համեմատուելով համաշխարհային գրականութեան տիտաններուն հետ։ Դուրեանի խորունկ զգացմունքայնութիւնը, անհատի նուրբ ապրումները պատկերելու տաղանդը, մահուան՝ արուեստով յաղթելու հանճարեղութիւնը զինքը եզակի հեղինակի մը վերածելու քանի մը ազդակներէն օրինակներ են միայն։

Դուրեանի երկերուն այս նոր հրատարակութիւնը՝ «Աստեղերու հեղեղ»ը, կը բովանդակէ հեղինակին բանաստեղծութիւնները, յօդուածներն ու նամակները՝ տրուած ծանօթագրական ճոխ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ կենսագրական հարուստ տուեալներով։

Հրատարակութիւնը նախատեսուած է ո՛չ միայն համայնքային դպրոցներու ուսուցիչներուն ու աշակերտութեան համար, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնց հոգիներէն ներս վառ կը մնայ Պետրոս Դուրեանի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ առհասարակ բանաստեղծութեան նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւնը։


Աստղերու հեղեղ
Պետրոս Դուրեան


Kategori Բանաստեղծութիւն
Dili Հայերէն
Editör Սեւան Տէյիրմենճեան
Kapak tasarımı Մելիսա Արսէնեան
Baskı bilgileri Ա տպագրութիւն, Մայիս 2018
Sayfa ve boyut 200 էջ, 15x21 սմ
ISBN 9786052100196






Bu haber arasyayincilik kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arasyayincilik) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(arasyayincilik). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+