Քարէ պուպրիկ -
Քարէ պուպրիկ
Սօնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեան
«Քարէ Պուպրիկ»ը կարդալով կ՚այցելենք 1940-ականներու Պոլիսը եւ ականատես կ՚ըլլանք կերպարներուն առօրեայ հեւքերուն եւ ապրումներուն։ Չորս արարներէ բաղկացած Սօնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեանի այս գործը կը պատկերէ այդ օրերու պոլսահայութիւնը, ընտանեկան յարաբերութիւններու նուրբ գիծերը, երիտասարդներու իտէալները եւ անձնական փնտռտուքները։ Այս հատորը նաեւ ինքնատիպ վկայութիւն մըն է արեւմտահայ բեմագրութեան, լեզուի զարգացման պատմութեան եւ 20-րդ դարու պոլսահայ կենցաղին ու հոգեբանական շերտերուն շուրջ։ «Քարէ Պուպրիկ»ը բեմադրութենէն ճիշդ 77 տարի ետք առաջին անգամ հրատարակուելով, կրկին լոյս կը սփռէ հայալեզու թատրոնին, որուն փոշոտ թաւշեայ վարագոյրները անհամբեր կը սպասեն նոր բացումի մը։ Կանխաւ ապահովեցէ՛ք ձեր տեղերը։ Բարի վայելում։
Ի՞նչ տուիք ինծի այն մաքուր սիրոյս փոխարէն, զոր տուեր էի ձեզի...։ Հինգ տարուան երջանկութիւն եւ տասը տարուան կեանք մը քէնո՛վ, վրէժո՛վ, կարօտո՛վ ու խիղճի խայթերո՛վ լեցուն կեանք մը, որ երկրի վրայ դժոխք մըն էր։ (Փուռն շարժումներով աթոռին վրայէն պուպրիկը առնելով) ահա՛, իմ կեանքս… տասը տարի ամբողջ, կուրծքիս վրայ քարէ պուպրիկ մը սեղմեցի...։ (Պուպրիկը կուրծքին սեղմած է, յանկարծ աթոռին վրայ կը ձգէ ու դարձեալ հին տեղը կ՚անցնի, կարծես ինքն ալ սարսափելով այդ քարէ պուպրիկէն: Քիչ մը ուշ), հիմա ի՞նչ ուզելու կու գաք ինձմէ եւ ինչո՞ւ կու գաք…։ Ես ձեզ այնքան ատեցի, որ իմ մէջս ատելու ուժն ալ մեռաւ...։
Bu haber arasyayincilik kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arasyayincilik) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(arasyayincilik). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com