​Արամ Արք. Աթէշեան Այցելեց Սամաթիոյ Մէջ Դաշունահարուած Հայուհիին - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

12 Haziran 2019  

​Արամ Արք. Աթէշեան Այցելեց Սամաթիոյ Մէջ Դաշունահարուած Հայուհիին -

​Արամ Արք. Աթէշեան Այցելեց Սամաթիոյ Մէջ Դաշունահարուած Հայուհիին ​Արամ Արք. Աթէշեան Այցելեց Սամաթիոյ Մէջ Դաշունահարուած Հայուհիին

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելեց Հայաստանէն արտագաղթելով Պոլիս հաստատուած Սարգիս եւ Արփինէ ամոլին:

Յիշեցնենք, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ, Արփինէն Սամաթիոյ իր բնակարանին մէջ դաշունահարուած էր: Այս ցաւալի եւ սարսափելի դէպքին հետեւանքով՝ Սարգիսը եւ Արփինէն ներկայիս կ՛ապրին վախի մէջ: Մատնուած ըլլալով խոր մտահոգութեան՝ անոնք լքած են Սամաթիոյ իրենց բնակարանը եւ այժմ կը հիւրընկալուին ուրիշ տան մը մէջ: Սամաթիոյ մէջ պատահած այս դէպքը այսքան ժամանակէ ի վեր նոյնիսկ մասամբ չէ լուսաբանուած: Արփինէն իր բնակարանին մէջ դաշունահարուած է երկու ծայրայեղականներու կողմէ:

Արամ արք. Աթէշեան այցելութեան ընթացքին իր հայրական օրհնութիւնը եւ բարոյական զօրակցութիւնը յայտնեց Սարգիսին եւ Արփինէին:

Ան հետաքրքրուեցաւ դէպքի մանրամասնութիւններով եւ յաջորդած իրադարձութիւններով: Ընդհանուր փոխանորդը նոյն ատեն աղօթք արտասանեց Արփինէին վրայ, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել այս մեծ ցնցումը: Աթէշեան այցելութեան ընթացքին ընդգծեց, որ պատրիարքական աթոռը կը շարունակէ Անվտանգութեան տնօրէնութեան հետ շփման մէջ մնալ եւ իրադարձութիւններուն պիտի հետեւի՝ մինչեւ որ յանցագործները հաշիւ տան օրէնքին առջեւ: Միւս կողմէ, զոյգը արդէն որոշած է մօտ օրէն վերադառնալ Հայաստան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+