Պոլսոյ Հայերուն Դէմ Սաստկացող Ատելութեան Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուեցաւ - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

12 Haziran 2019  

Պոլսոյ Հայերուն Դէմ Սաստկացող Ատելութեան Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուեցաւ -

Պոլսոյ Հայերուն Դէմ Սաստկացող Ատելութեան Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուեցաւ Պոլսոյ Հայերուն Դէմ Սաստկացող Ատելութեան Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուեցաւ

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Հիւտա Քայա Յունիս 11-ին, խորհրդարանի քննարկումի նիւթ դարձուց Պոլսոյ հայերուն դէմ կազմակերպուած յարձակումները:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղուած հարցումներուն մէջ, պատգամաւորը մասնաւորապէս ընդգծեց Սամաթիոյ մէջ վերջին յարձակումէն ետք կատարուած՝ «Այս տակաւին սկիզբն է» սպառնալիքը՝ շեշտելով, որ անիկա խորացուցած է հայ բնակիչներուն մտահոգութիւնները: Ան աւելցուց, որ յարձակումէն ետք հայերու տուներուն վրայ նշաններ զետեղուած են՝ ազդարարելով, որ «անոնց կեանքը իսկապէս վտանգի տակ է»։

Քայա նախարարէն պահանջեց պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն.

Յարձակողներու ինքնութիւնը յայտնաբերելու ուղղութեամբ որեւէ հետաքննութիւն կը կատարուի՞ եւ եթէ կը կատարուի, ի՞նչ փուլի հասած է անիկա.
Նման յարձակումներ կանխելու համար նախարարութեան կողմէ կանխարգելիչ աշխատանքներ կը կատարուի՞ն.
Ձեր նախարարութիւնը ի՞նչ միջոցներու դիմած է կամ պիտի դիմէ Սամաթիոյ մեր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար.
Հայերու տուներուն վրայ նշաններ դնելու գծով հետաքննութիւն կը կատարուի՞: Եթէ այո, ի՞նչ փուլի մէջ է հետաքննութիւնը.
Ցարդ հայ քաղաքացիներու տուներուն վրայ նշաններ դրած անձերէն քանի՞ն յայտնաբերուած կամ պատժուած են.
Սամաթիոյ մեր հայ քաղաքացիներուն վրայ կատարուած ցեղապաշտական յարձակումներուն դէմ ի՞նչ քայլեր առնուած են.
Կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ օգտագործուող նուաստացուցիչ հռետորաբանութիւնը որեւէ դեր խաղցա՞ծ է նման յարձակումներու բազմացման մէջ.
Տարբեր ազգային ծագում եւ հաւատք ունեցող մեր քաղաքացիներուն խաղաղ ու ապահով գոյութիւնը երաշխաւորելու համար պետական պաշտօնեաներու անջատողական, ատելութիւն քարոզող հռետորաբանութիւնը եւ քաղաքականութիւնը վերափոխելու ուղղութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ կը նախատեսուին:

Յիշեցնենք, որ Մայիսի վերջերը, Սամաթիոյ թաղամասին մէջ բնակող հայաստանցի ընտանիքի մը մայրը՝ Արփինէ Թումանեան դաշունահարուած էր իր տունը ներխուժած անյայտ անձերու կողմէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+