​Ս. Սոֆիայի Կարգավիճակը Փոխելը Դէպի Հզօր Թուրքիա Տանող Քայլ Է, Իսկ Մնացեալ Երկիրներու Կարծիքը Նշանակ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

14 Temmuz 2020  

​Ս. Սոֆիայի Կարգավիճակը Փոխելը Դէպի Հզօր Թուրքիա Տանող Քայլ Է, Իսկ Մնացեալ Երկիրներու Կարծիքը Նշանակ -

​Ս. Սոֆիայի Կարգավիճակը Փոխելը Դէպի Հզօր Թուրքիա Տանող Քայլ Է, Իսկ Մնացեալ Երկիրներու Կարծիքը Նշանակ ​Ս. Սոֆիայի Կարգավիճակը Փոխելը Դէպի Հզօր Թուրքիա Տանող Քայլ Է, Իսկ Մնացեալ Երկիրներու Կարծիքը Նշանակութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը փոխելը դէպի հզօր Թուրքիա տանող քայլ է, իսկ մնացեալ երկիրներու կարծիքը նշանակութիւն չունի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք Այա Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու որոշում տուած ենք` հիմնուելով ժողովուրդի կարծիքին վրայ, եւ ոչ թէ մտածած, թէ ուրիշները մեր մասին ինչ պիտի ըսեն», ընդգծած է Էրտողան:

Նախքան այդ, «Տը Հիլ» հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտարարած է. «Մենք հիասթափուած ենք Ս. Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը փոխելու վերաբերեալ Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումէն: Այդ շէնքը «Պոլսոյ պատմական կառոյցներ»-ու կարեւոր մասն է, որ ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ` ի նշան ատոր հարուստ բազմամշակութային պատմութեան ճանաչման»:

«Մենք կը հասկնանք, որ թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Սուրբ Սոֆիա տաճարի բոլոր այցելուներու մուտքը ապահովելու քաղաքականութեան, եւ կ՛ակնկալենք լսել Սուրբ Սոֆիայի տաճարի հետագայ կառավարման ծրագիրները, որոնք պիտի ապահովեն բոլոր այցելուներու անարգել մուտքը», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Ինչպէս կը գրէ օրաթերթը, Էրտողանի որոշումը խիստ քննադատուած է Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ճէյմս Ռիշի եւ բարձրաստիճան անդամ Պապ Մենենտեսի կողմէ, որոնք Էրտողանի` Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը որակած են «ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաներու համար խոր վիրաւորանք»:

«Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Սուրբ Սոֆիա տաճարը թանգարանէն մզկիթի վերածելու նախագահ Էրտողանի որոշումը: Իր պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն մէջ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը իսլամներու եւ քրիստոնեաներու համար ծառայած է իբրեւ պաշտամունքի վայր եւ տասնամեակներ շարունակ եղած է արտասովոր եւ հիւրընկալ վայր բոլոր դաւանանքներու մարդոց համար», նշուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պետական խորհուրդը (բարձրագոյն վարչական դատարան) ուրբաթ օր չեղեալ յայտարարած էր Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը թանգարան դարձնելու մասին 1934 թուականի որոշումը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ատկէ ետք հրամանագիր ստորագրած էր տաճարը մզկիթի վերածելու մասին:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան քննադատեց Անգարայի որոշումը եւ յայտարարեց, որ տաճարը պէտք է պահպանուի իբրեւ կրօնական բազմազանութեան եւ հանդուրժողականութեան խորհրդանիշ:

«Մենք մեծ ափսոսանքով ընդունած ենք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշումը: Սուրբ Սոֆիայի տաճարը պէտք է շարունակէ կրօնական բազմազանութեան եւ հանդուրժողականութեան խորհրդանիշ ըլլալ», ըսաւ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես յայտարարեց.«Թրքական պետական խորհուրդի` Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու որոշումը ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ անոր միջազգային կազմակերպութիւններուն համար յաւելեալ խնդիր մըն է»:

Կիպրոսի նախագահը թրքական իշխանութիւններուն այս քայլը նկատեց «պատմութենէն շեղում եւ սրբապղծում համաշխարհային ժառանգութեան վայրի մը, որ իւրայատուկ զգացական արժէք ունի աշխարհի տարածքին բոլոր քրիստոնեաներուն համար»:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տանտիաս «Սքայ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ս. Սոֆիայի խնդիրը համաշխարհային է: «Վտանգաւորը այն է, որ Այա Սոֆիայի հարցը յոյն-թրքական խնդիր կը նկատենք, սակայն անիկա համաշխարհային է: Անիկա կանոններու ջնջման եւ միջազգային ընտանիքը չյարգելու խնդիր է», ըսաւ ան:

Տանտիաս աւելցուց, որ Ս. Սոֆիայի վերաբերեալ թրքական որոշումը կ՛առնչուի Յունաստանի եւ շրջանի երկիրներուն դէմ սադրիչ քայլերու շարքին, եւ պէտք չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ Թուրքիան գործակցութեան որեւէ ոգի եւ միջազգային օրէնքի հիմամբ գործակցութեան պատրաստակամութիւն չի ցուցաբերեր:

Տանտիաս յայտնեց, որ այսօր Պրիւքսելի մէջ պիտի գումարուի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Թուրքիոյ հարցը: «Յունաստան այդտեղ Եւրոպական Միութենէն պիտի պահանջէ Թուրքիոյ դէմ առաւելագոյն քայլերու ցանկ պատրաստել, եթէ Թուրքիան խախտէ Յունաստանի գերիշխանական իրաւունքները», ընդգծեց Տանտիաս:

«Պատժամիջոցները պիտի չվերաբերին Այա Սոֆիային: Այդ հարցին վերաբերեալ պէտք է նախաձեռնութիւնը գայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն եւ ՄԱԿ-էն եւ ոչ միայն Յունաստանէն: Էրտողան ամէն ինչ դիտումնաւոր կերպով կը կատարէ, աւելի՛ն, ան կը ջնջէ իր երկրին աւանդութիւնները եւ կռնակ կը դարձնէ միջազգային ընտանիքին ու անոր կանոններուն», ըսաւ յունական դիւանագիտութեան պետը:

Ֆրանչիսկոս պապը երէկ յայտնեց.«Մտածումս կ՛երթայ Պոլիս, կը մտածեմ Այա Սոֆիայի մասին: Ես շատ տխուր եմ»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարար եւ ազգային կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբի նախագահ Նուրա պընթ Մոհամետ Քաապի յայտնեց, որ «Այա Սոֆիայի թանգարանի կարգավիճակը փոխելը չյարգեց մարդկայնական արժէքը այդ պատմական յուշարձանին, որ միշտ ալ համաշխարհային ժառանգութիւն էր եւ մշակութային ու ժառանգական արժէք կը ներկայացնէր, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու մերձեցման եւ անոնց միջեւ գտնուող կապերու ամրապնդման կամուրջ էր:

Քաապի աւելցուց, որ մարդկային ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը կ՛ամրապնդէ տարբեր ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան ու գոյակցութեան արժէքները, որովհետեւ համաշխարհային ժառանգութեան յուշարձանները վերածուած են դարերու ընթացքին մարդկութեան պատմութիւնը գոյացուցած մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ գիտութեան փոխանակման հարթակներու:

Ան նշեց, որ Այա Սոֆիան Ասիոյ եւ Եւրոպայի փոխյարաբերութեան կարեւոր օրինակ մըն է եւ պէտք է քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան վրայ հիմնուած մարդկութեան հանդուրժողական պատմութեան վկան մնայ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Թրքական պետական խորհուրդի` արդի Թուրքիոյ պատմական որոշումներէն մէկը ջնջելու որոշումը եւ նախագահ Էրտողանի` այդ յուշակոթողը կրօնական հարցերու վարչութեան վերահսկողութեան տակ դնելը ցաւալի են»:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէ խոր ցաւ յայտնեց թրքական իշխանութիւններուն` առանց նախապէս երկխօսութիւն կատարելու Ս. Սոֆիայի վերաբերեալ որոշում որդեգրելուն առնչութեամբ: Ան ուրբաթ գիշեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին յայտնած է այս առնչութեամբ իր խոր մտահոգութիւնը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի Գերագոյն միւֆթիի խորհրդական Իպրահիմ Նիկմ Ս. Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու Էրտողանի որոշումը «վտանգաւոր քաղաքական խաղ» կոչած է:

Ըստ անոր, տաճարը մզկիթի վերածելու խնդիրը պէտք է դիտել Թուրքիոյ նախագահի քաղաքական նպատակին տեսանկիւնէն: «Այս իրադարձութեան ժամանակն ու հանգամանքները կը խօսին այն մասին, որ ասիկա բացառապէս քաղաքական որոշում է, որ կարելի է դիտել իբրեւ փորձ թուրք ղեկավարին կողմէ` ինքզինք դարձնելու հերոս, որ իբրեւ թէ կը պաշտպանէ իսլամական սրբավայրերը եւ վերածնունդ կու տայ անոնց փառքին»:

«Շատերը այժմ դատողութիւններ կ՛ընեն Էրտողանի գործողութիւններուն պատմական եւ իրաւական ճշմարտացիութեան մասին, սակայն ասիկա միայն ապարդիւն պատմական քննարկում է: Իրականութեան մէջ այս քայլէն ոչ մէկ օգուտ կայ, որովհետեւ ատիկա մեզ միայն կը շեղէ վտանգաւոր քաղաքական խաղի իրական պարունակէն», ըսած է ան:

Միւֆթիի խորհրդականը համոզուած է, որ հարցը ունի բացառապէս քաղաքական նախապատմութիւն եւ կը նպատակադրէ թուրք ժողովուրդին առջեւ բարձրացնելու նախագահին վարկանիշը:

«Էրտողան պարզապէս քաղաքական յաւակնութիւններ ունեցող անձնաւորութիւն չէ, որ կը սաւառնի քարիւղի եւ կազի հանքահորերու վրայ, այստեղ յստակ կերպով կ՛երեւի անոր ագահութիւնը, որ ան ցուցադրած է շարք մը երկիրներու մէջ` փորձելով խլել անոնց գերիշխանութիւնն ու պաշարները: Եւ այս խնդիրը ոչ մէկ կապ ունի մզկիթներու եւ կրօններու հետ», ընդգծած է Նիկմ:

Վաքըֆներու գործերու եգիպտական նախարարութեան նախկին խորհրդական շէյխ Սալեմ Ապտել Կալիլ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ իսլամական հիմնարար չափանիշներով խստիւ կ՛արգիլուի ոչնչացնել եկեղեցիներն ու երկրպագութեան այլ վայրերը, համապատասխանաբար, զանոնք մզկիթներու վերածելը անընդունելի է:

«Մենք կը հետեւինք առաջին իսլամներու վարքագիծին` Մոհամետ մարգարէի ժամանակներէն, եւ անոնք կը բացառէին այլ կրօններու տաճարները իսլամներու աղօթատեղիներ դարձնելու կարելիութիւնը: Ատիկա անընդունելի է: Այո՛, մենք պէտք է ապաւինինք իրաւական փաստաթուղթերուն, սակայն եթէ դատարանը այդպիսի կողմնակալ որոշումներ կայացնէ, ապա ատիկա սխալ պիտի ըլլայ, եթէ միայն դատարանի վճիռը հիմնուած չէ եկեղեցիի շէնքի առքուվաճառքի կամ շահագրգիռ կողմերու միջեւ, այլ համաձայնագիրներու վրայ: Այդ պարագային իրաւական խնդիրներ չկան», նշած է ան:

Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանի արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու սինոտոսական բաժինի վարիչ Վոլոքոլամիան մետրոպոլիտ Իլարիոնը (Ալֆայեւ) իր կարգին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է. «Կարելի է տարբեր կերպ գնահատել Թուրքիոյ ներքաղաքական իրավիճակը եւ այն գործօնները, որոնք Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը դրդած են նման որոշում տալու: Սակայն ամբողջ աշխարհի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ պատանդ դառնայ ներկայ քաղաքական իրավիճակին: Ցաւալի է, որ քաղաքական պայմանները կը գերիշխեն այլոց կրօնական աւանդութիւններուն հանդէպ յարգանքին վրայ: Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելը ապտակ է, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը հասցուցած է ուղղափառ եկեղեցիին, ամբողջ աշխարհի քրիստոնէութեան»:

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ պետական ղեկավարութեան այս որոշումը չի կրնար չհիասթափեցնել: «Սուրբ Սոֆիան կառուցուած է իբրեւ Յիսուս Քրիստոսին նուիրուած տաճար, եւ մենք` ուղղափառ քրիստոնեաներս, այլ ձեւով չենք կրնար զայն ընկալել: 1934 թուականէն մինչեւ այսօր Ս. Սոֆիան ունէր թանգարանի կարգավիճակ, ինչ որ քրիստոնեաներուն, իսլամներուն եւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն կարելիութիւն կու տար առանց խոչընդոտի այցելել այնտեղ… Ուղղափառ քրիստոնեաներուն համար Սուրբ Սոֆիան նոյնն է, ինչ որ կաթողիկէներուն համար Հռոմի Սուրբ Պետրոսի տաճարը: Ասիկա խորհրդանշական տաճար է եւ քրիստոնէական մեծագոյն սրբավայրերէն մէկը», աւելցուցած է հոգեւորականը` ընդգծելով, որ քրիստոնեաները զայն այլ կերպ ընկալել չեն կրնար եւ չեն ուզեր:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Իոան Սաուքա Էրտողանին ուղղուած իր նամակին մէջ յայտնած է, թէ Ս. Սոֆիա մզկիթի կարգավիճակը վերականգնելը կրնայ յանգեցնել կրօնական պառակտման եւ վտանգաւոր նախադէպ ստեղծել այլ կրօնական խումբերու համար:

Ան «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ 110 երկիրներէ 350 եկեղեցիներու վիշտն ու տարակուսանքը» արտայայտած է թրքական իշխանութիւններուն քայլին նկատմամբ:

«Որոշելով Սուրբ Սոֆիան դարձեալ մզկիթի վերածել, դուք ետ շրջած էք Թուրքիոյ թափանցիկութեան դրական նշանները եւ զանոնք վերածած էք բացառման եւ բաժանման նշաններու», կը նշուի նամակին մէջ:

Սաուքա ափսոսաց, որ Թուրքիոյ որոշումը կայացած է առանց իրավիճակը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ քննարկելու` հաշուի առնելով Ս. Սոֆիայի միջազգային արժէքը:

Ըստ անոր, Ս. Սոֆիայի մզկիթի կարգավիճակի վերականգնումը «անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ անապահովութեան, կասկածներու եւ անվստահութեան, պիտի խաթարէ տարբեր հաւատքի տէր մարդիկը երկխօսութեան եւ համագործակցութեան սեղանի շուրջ համախմբելու բոլոր ջանքերը»:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մէջ նաեւ մտավախութիւն ունին, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումը «պիտի ոգեւորէ յաւակնութիւնները այն խումբերուն, որոնք կ՛ուզեն փոխել գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոն եւ յառաջ մղել կրօնական համայնքներու տարանջատման գաղափարը»:

Թուրք աշխարհահռչակ գրագէտ, նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ս. Սոֆիայի կարգավիճակը անգամ մը եւս մզկիթի փոխելը «դժբախտաբար կը նշանակէ մնացեալ աշխարհին յայտնել, թէ այլեւս աշխարհիկ չենք»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+