Պոլսոյ մէջ աճուրդի հանուած է պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի 46 լուսանկար:
Այս մասին, tert.am-ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Ամենամեծ պահանջարկը ունեցած է 1950 թուականին կատարուած «Առաւօտեան արեւի առաջին շողերու հետ Գումքափուի ձկնորսները կը վերադառնան նաւահանգիստ» լուսանկարը, որուն համար գնորդը առաջարկած է 14 500 լիրա, իսկ ներառեալ հարկերը անիկա գնորդին վաճառուած է 20 532 լիրայով (2990 տոլար):