Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Նախագահը հետաքրքրուած է Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած հուժկու պայթումին մանրամասնութիւններով` իր խորին մտահոգութիւնը յայտնելով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ: Նախագահ Սարգսեան անհանգստութիւն յայտնած է պայթումէն տուժած հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասի իրադրութեան, մայրավանքի կրած վնասներուն եւ լիբանանահայ վիճակով:
Հանրապետութեան նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է վեհափառ հայրապետին` պայթումին պատճառած մարդկային զոհերուն համար, որոնց կարգին կան հայեր: Ան նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է պայթումէն վիրաւորուած մեր հայրենակիցներուն:
Իր զօրակցութիւնը յայտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին եւ, ի դէմս անոր, լիբանանահայ գաղութին` նախագահ Սարգսեան նաեւ աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:
Նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ բազում փորձութիւններով անցած եւ զանոնք յաղթահարած լիբանանահայերը, Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին հետ միասին պիտի կարենան յաղթահարել նաեւ այս ծանր փորձութիւնը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com