Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Շաղիկ Մարուխեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբի անդամ Սիմոն Գաֆալեանի հետ այցելեցինք Հայաստանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանատուն», դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը նաեւ նշած է. «Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերին հետ հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով մեր ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը յայտնեցինք եղբայրական Լիբանանին:
«Մայա Տաղերը ներկայացուց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած դրութիւնը, անհրաժեշտ քայլերը, որոնք պէտք է կատարուին պայթումի հետեւանքները, տնտեսական ճգնաժամը եւ համավարակի պատճառով ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար:
«Մեր կողմէ յայտնեցինք, որ ամէնօրեայ կապի մէջ ենք լիբանանեան կառոյցի պատասխանատու մեր ընկերներուն հետ, որ կարենանք ըստ կարելւոյն օգտակար դառնալ ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքներու յաղթահարման գործին:
«Տիկին դեսպանին հետ համաձայնեցանք մնայուն կապ պահպանել եւ անհրաժեշտութեան պարագային միասնական ծրագիրներ ձեռնարկել», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com