Պոլսոյ Ս․ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելէն ետք Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը ուրիշ բիւզանդական պատմական տաճար մը մզկիթի վերածելու հրաման ստորագրած է ։
Քարիյէ անունով յայտնի եւ 1945-էն թանգարանի կարգավիճակ ունեցող Խորի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, վերանորոգումի աշխատանքները աւարտելէն ետք, կը վերաբացուի որպէս մզկիթ։ Այս մասին Էրտողանի հրամանը հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնաթերթով։
Հրամանագիրին մէջ նշուած է, որ նկատի առնելով, որ Թուրքիոյ Պետական խորհուրդը (բարձրագոյն վարչական դատարան) անվաւեր ճանչցած է 1945-ին նախարարներու խորհուրդի կողմէ Քարիյէ մզկիթը թանգարանի վերածելու որոշումը, Քարիյէ մզկիթը Կրօնական գործերու վարչութեան յանձնելու եւ որպէս մզկիթ բանալու որոշում ընդունուած է։
Նշենք, որ Խորի Ս․ Ամենափրկիչը մէկն է այն բիւզանդական տաճարներէն, որոնք Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն (1453 թուական) յետոյ օսմանեան թուրքերը վերածեցին մզկիթներու։
6-րդ դարուն կառուցուած, ապա քանի մը անգամ վերակառուցուած Խորի վանքը 1511-ին Պայազիտ 2-րդ սուլթանի մեծ վեզիր (նախարար) Աթիք Ալի փաշայի կողմէն վերածուած է մզկիթի ու սկսած անուանուիլ Ալի փաշայի մզկիթ կամ Քարիյէ մզկիթ։