Պէյրութը Ես Եմ» հագուստով լրագրող Ռապիհա Զայյաթ օժանադակութիւն հասցուց աղիտեալ Պէյրութցիներուն - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

26 Ağustos 2020  

Պէյրութը Ես Եմ» հագուստով լրագրող Ռապիհա Զայյաթ օժանադակութիւն հասցուց աղիտեալ Պէյրութցիներուն -

Պէյրութը Ես Եմ» հագուստով լրագրող Ռապիհա Զայյաթ օժանադակութիւն հասցուց աղիտեալ Պէյրութցիներուն Պէյրութը Ես Եմ» հագուստով լրագրող Ռապիհա Զայյաթ օժանադակութիւն հասցուց աղիտեալ Պէյրութցիներուն

26 Օգոստոս 2020 , 18:45 Լիբանանցի յայտնի լրագրող Ռապիհա Զայյաթ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով դրամահաւք մը կատարած է օգնելու համար Պէյրութի պայթումէն աղէտեալ իր համաքաղաքացիներուն։ Ան հագած է Պէյրութը պատկերող զգեստ մը, եւ լուսանկարուած սարսափելիօրէն վնասուած շէնքերուն դիմաց, այդպիսով իր բարեկամներէն ու ընկերներէն հայցելով օգնութեան ձեռք մեկնել վիրաւոր Պէյրութին։

«Պէրութի մեր հայրենակիցները այսօր ուրիշ ատենէ աւելի, կարիքը ունին մեր աջակցութեան: Երբ «Ալ Ժատիտ» կայանը առաջարկեց այս նախաձեռնութիւնը իրականացնել, մէկ վայրկեան իսկ չտատամսեցայ»,- այս մասին խօսած է լրագրող Ռապիհա Զայյաթը: Զայյաթ նաեւ ըսած է «կ'ողջունեմ ընկերս՝ Նաժա Սաատէն, որ օգտակար դարձաւ այս մարդասիրական նպատակը իրականացնելու Պէյրութը պատկերող ձեւաւորումով մը: Մեր կատարած գովազդը իր մէջ կը պարունակէր այնքան սէր, որքան որ ես ունիմ այս մայրաքաղաքին հանդէպ, նաեւ այնքան ցաւ, որքան որ զգացի: Իսկ Ատրիանա Հաժը պատրաստեց գծագրութիւն մը, որ կ'արտացոլացնէ ոտքի կանգնելու համար պէտք եղած մեծ յոյսը»: Ձեւաւորող Սաատէի պատրաստած հագուստին վրայ, Ատրիանա Հաժ գծած է Պէյրութը՝ կնկայ մը կերպարով, որ հրաժեշտ կու տայ իր զաւակներուն, որոնք լուսեղէն թռչուններու նման կը հեռանան: Հագուստի պատրաստութենէն ետք, այն աճուրդի դրուեցաւ «Ալ Ժատիտ»ի «Բարի Լոյս» հեռատեսիլային ծրագրի ընթացքին, հասոյթը տրամադրելով վնասուած բնակարաններու վերանորոգման: Հագուստը վաճառուեցաւ 125 միլիոն լիբանանեան ոսկիի։Սաատէ իր հերթին յայտարարեց թէ «Պէյրութը ես եմ» անունը ընտրած է, որովհետեւ այդ աղէտի վայրկեանը շատ ծանր էր իւրաքանչիւրին համար, «ուզեցի որ ուղերձս արտայատէ յոյս եւ դիմակայութիւն»: Իսկ նկարիչ՝ Ատրիանա նշած է, թէ բաւական դժուար էր նկարել այդ աղիտալի վարկեանը: «Ես ընդհանրապէս դրականութիւն կը ձգտիմ փոխանցել, հետեւաբար այս վարկեանը ներկայացուցի յոյս ներշնչող գոյներով»:Նշենք, որ նախապէս, նկարներ տարածուած էին, ուր Ռապիհա պայթումին պատճառած աւերակներուն մէջ կը նկարահանուի, եւ սուր քննադատութիւններ ուղղուած էին իր հասցէին, թէ ան չիցաւակցիր լիբանանցիներուն, որոնք տակաւին կը սգան իրենց ցաւը: Ռապիհա Զայաթ պատասխանած էր,-«Ես չեմ, որ իմ հարենակիցներու եւ իմ ցաւին հաշւոյն նկարահանումներ կը կատարեմ, եղածը մարդասիրական նախաձեռնութիւն մըն է»։




Bu haber Arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+