Էրտողան, Մերքել Եւ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Քննարկած Են Արեւելեան Միջերկրականի Կացութիւնը -   
 
	 Էրտողան, Մերքել Եւ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Քննարկած Են Արեւելեան Միջերկրականի Կացութիւնը
 
	Էրտողան, Մերքել Եւ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Քննարկած Են Արեւելեան Միջերկրականի Կացութիւնը
	
	 
	 
	
	Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 22 սեպտեմբերին բանակցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ եռակողմ հանդիպումը տեղի ունեցած է տեսաժողովի ձեւաչափով:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ տիրող իրավիճակն ու Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները:
Բանակցութիւններու ընթացքին ընդգծուած է Աթէնքի եւ Անգարայի պատրաստակամութիւնը արեւելեան Միջերկրականի մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան նուազեցման ուղղուած նախնական բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ:
Թուրքիոյ նախագահը յոյս յայտնած է, որ արեւելեան Միջերկրականի շրջանային խորհրդաժողովը, որուն պիտի մասնակցին բոլոր կողմերը, ներառեալ` կիպրացի թուրքերը, կ՛աւարտի կառուցողական որոշումներու որդեգրումով:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com