​ԱՄՕԹ… ​ԱՄՕԹ… - Հայերէն
23 Şubat 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մեհեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

23 Şubat 2026  

​ԱՄՕԹ… ​ԱՄՕԹ… -

​ԱՄՕԹ…  ​ԱՄՕԹ… ​ԱՄՕԹ… ​ԱՄՕԹ…

Երէկ հողին յանձնեցինք բանաստեղծ, բժիշկ, մտաւորական՝ Իգնա Սարըասլանը։

Ան, որ իր վիրահատ-բժշկի երկարամեայ ասպարէզի կողքին, ունէր նաեւ բառը սահմանելու նուրբ ու բարձրակարգ արուեստը։

Ան, որ մեզի թողուց «Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք» հոյակապ բանաստեղծութիւնը՝ որպէս հպարտութեան ու ինքնաճանաչման խորհուրդ։

Եկեղեցին հազիւ կիսով չափ լեցուն էր, մինչդեռ Պատրիարքարանը «ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ» կազմակերպած էր եւ որեւէ արգելք չկար որ մեր վարժարաններու տնօրէնները, լիսէական աշակերտները գային ու մասնակցէին վերջին հրաժեշտին։

Կը մնար միայն կամքն ու յարգանքը։

Չեղաւ։

Մատներուս վրայ համրեցի հայերէնի ուսուցիչները։ Հինգ-վեց հոգի։ Տնօրէնուհիներ՝ նոյնքան։ Ո՞ւր էին անոնք, որոնք ամէն «Սիրոյ սեղան»ի կամ հանդիսութեան ժամանակ հպարտութեամբ իրենց աշակերտները բեմ կը հանեն Սարըասլանի «Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք» բանաստեղծութիւնը արտասանելու։ Ո՞ւր էին, երբ այդ ծառին արմատը հողին կը յանձնուէր։ Հաւանաբար աւելորդ նկատած էին այս «տաղտուկ»ը։

Ապերախտ համայնք մը դարձանք։

Առանց ցաւ զգալու փշուր-փշուր կ’ընենք մեր արժէքները, ապա բարձրաձայն կը գոչենք թէ ՀԱՅ ենք, թէ այս հողերուն վրայ պատմութիւն ու մշակոյթ կերտած ենք։ Բառերով՝ այո։ Գործով՝ ո՞ւր։

Համայնքային հաստատութիւններէն ալ հազիւ տասը-տասնհինգ հոգի կար։ Իրաւունք ունէին, «ցուցադրուելիք» պահ մը չէր։ Տեսնուելիք բեմ մը չէր, քամերաներ չկային, լուսանկարող չկար, այսինքն իրենց «ՊԱՀԸ» չէր, բան մը պիտի չշահէին։

Բժիշկի մը յուղարկաւորութիւնն էր, բայց բժշկական ասպարէզի մեր բազմաթիւ ներկայացուցիչներէն ալ գրեթէ ոչ ոք կար եկեղեցւոյ մէջ։

Վախնալով կը մօտենայի եկեղեցիին։ Աչքս անընդհատ դէպի դուռն էր որ եկողներ ըլլային։

Կազմակերպիչը կերոնակիրներ գտա՞ւ։ Տնօրէն-ուսուցիչ եկա՞ն։ Այս հաշուարկը դաժան փորձութիւնն էր յուղարկաւորութենէն առաջ։

Մենք՝ հայախօսներս, փոքրամասնութիւն դարձանք մե՛ր իսկ համայնքին մէջ։ Մտաւորականները հեռու քշուեցան։ Մեծ մասամբ, որովհետեւ ՀԱՅԵՐԷՆով կը ստեղծագործեն։ Անոնց միակ «ՅԱՆՑԱՆՔԸ» հայերէնով գրելն է, հայ թերթի մէջ գրելն է, մեր լեզուին հաւատարիմ մնալն է։

Պոլսահայ նոր գրականութեան երկնակամարին վրայ նոր աստղ մը աւելցաւ։ Իգնա Սարըասլանը գնաց միանալու իր գրչեղբայրներուն։ Մեզի թողուց բառը։ Իսկ մենք անոր թողուցինք ԱՄՕԹը։

Շարունակեցէք մեծագոռգոռ յայտարարել թէ ՀԱՅ էք, թէ շատ բան կ’ընէք այս համայնքին համար։ Դուք ձեզ կը խաբէք։ Մեղաւորները փնտռեցէք ձեր շարքերէն ներս՝ սկսելով դպրոցներէն ու համայնքային հաստատութիւններէն։

Երէկ հողին յանձնեցինք «Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք»ի հեղինակը։

Հարցը սա է՝ մենք ծառ ե՞ղանք, թէ՞ չորցող ճիւղեր, որոնք իրենց իսկ արմատը մոռցած են…։

Ամօթ…։

Ն. Ս.






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+