​Նախագահ Յարութիւնեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլանք Երկար Մարտական Գործողութիւններու - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

29 Eylül 2020  

​Նախագահ Յարութիւնեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլանք Երկար Մարտական Գործողութիւններու -

​Նախագահ Յարութիւնեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլանք Երկար Մարտական Գործողութիւններու ​Նախագահ Յարութիւնեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլանք Երկար Մարտական Գործողութիւններու

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ըսած է, որ լայնածաւալ մարտական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան Օմարէն մինչեւ Արաքս: Հիմնական ուղղութիւնները եղած են հարաւային ուղղութեամբ` Ջաբրայիլը, եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ` Թալիշ-Մատաղիս, ինչպէս նաեւ Եղնիկներ հատուածը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, երէկ կէսօրէ ետք լայնածաւալ յարձակում սկսած է Մռաւի ուղղութեամբ, սակայն թշնամին որեւէ յաջողութիւն չէ արձանագրած:

Նախագահ Յարութիւնեան ըսած է, որ ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը շտապած է յայտարարելու, որ Ֆիզուլիի ուղղութեամբ իբր թէ գրաւուած են հայկական բնակավայրեր, ինչ որ երբեք չի համապատասխաներ իրականութեան:

Նախագահ Յարութիւնեան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան բաւական երկար պատրաստուած է այսօրուան պատերազմին` այդ կարգին փորձելով վնասազերծել կապի ուղղութիւնները:

Արցախի նախագահը շեշտած է, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ շատ աւելի ծանր եւ երկար մարտական գործողութիւններու: «Թշնամին իր բանակի բոլոր ուժերը օգտագործած է եւ կը շարունակէ օգտագործել, իսկ քաղաքական, փոխզիջումային կարելիութիւնները դեռ չենք տեսներ», եզրափակած է նախագահ Յարութիւնեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+