​Թշնամին Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծեց Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

04 Ekim 2020  

​Թշնամին Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծեց Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը -

​Թշնամին Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծեց Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ​Թշնամին Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծեց Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին թշնամին մեծ տրամաչափի զէնքերով թիրախ կը դարձնէ խաղաղ բնակչութիւնը:

Ըստ անոր, 2 հոկտեմբերին հեռահար հրթիռային միջոցներով երկու անգամ հարուածուած է Հատրութ քաղաքը, երկու անգամ` Ստեփանակերտը: Այս ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք տուժած են խաղաղ բնակիչներ, շինութիւններ, քաղաքացիական պաշտպանութեան կառոյցներ, ենթակառուցուածքներ: Թիրախ կը դառնան նաեւ մեծ ու փոքր բնակավայրերը, ենթակառուցուածքները: Հայկական կողմը ոչնչացուցած է ազրպէյճանցի 540 զինուորական, պատճառած է աւելի քան 700 վիրաւոր: Թշնամի ունի նաեւ 45 զրահամեքենայի, 6 ինքնաթիռի, որոնցմէ մեծ մասը օդին մէջ չեն խոցուած, 3 ուղղաթիռի եւ 6 անօդաչու թռչող սարքի կորուստ:

Ան դիտել տուաւ, որ 1-2 հոկտեմբեր լուսցող գիշերը արցախեան-ազրպէյճանական տագնապի գօտիին մէջ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած, առանձին ուղղութիւններու մէջ շարունակուած են փոխադարձ հրաձգութիւնները հրետանային ու հրաձգային զինատեսակներէ: Մարտավարական իրադրութեան մէջ էական փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան տեղեկացուց, որ 2 հոկտեմբերի երեկոյեան Ազրպէյճան 3 հրթիռ արձակեց Ստեփանակերտի տարբեր հատուածներուն ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք վնասուեցան քաղաքացիներ, բնակելի շէնքեր եւ այլ կառոյցներ: Բեգլարեան նշեց, որ կայ առնուազն 4 վիրաւոր եւ մէկ զոհ: Ասիկա օրուան ընթացքին Արցախի մայրաքաղաքին ուղղութեամբ եղած երկրորդ հարուածն է:

Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ Արցախը ունի ամբողջ բնակչութիւնը թաքստոցներով ապահովելու կարելիութիւն, անհրաժեշտութեան պարագային` դիմելով այլ միջոցներու:

Անդրադառնալով Ստեփանակերտի վրայ եղած ռմբակոծումներուն` ան դիտել տուաւ, որ Ստեփանակերտէն բնակչութիւնը չէ տարհանուած, տարհանուած են բնակիչները որոշ գիւղերու, որոնք կը գտնուին սահմանի երկայնքին եւ սահմանէն միայն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար Արթուր Սարգսեան նշեց, որ սահմանային գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք հայկական կողմէն զոհուած է յաւելեալ 54 զինուոր:

Ըստ անոր, տագնապի գօտիին մէջ սպաննուած ազրպէյճանցի սպայի մը մօտ յայտնաբերուած է իսրայէլական արտադրութեան «Թատիրան» մակնիշի ռատիոկայան, որուն վերծանման իբրեւ արդիւնք պարզ դարձած է, որ թշնամիի որոշ խմբաւորումներ կը ղեկավարուին հիմնականին մէջ արաբերէն լեզուով:

Նշուեցաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող ռազմական դրութեան պայմաններէն մեկնելով եւ անվտանգութեան նկատառումներով սահմանային որոշ սահմանափակումներ եւ կարգաւորումներ կատարած է:

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրատեան յայտնեց, որ աշխարհի բոլոր բժիշկները պարտաւոր են իրենց վրդովմունքի եւ բողոքի ձայնը բարձրացնել թշնամիին կողմէ համաճարակի պայմաններուն մէջ պատերազմ հրահրելուն նկատմամբ` կոչ ուղղելով կասեցնելու մարտերը:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 2 հոկտեմբերին կոչ ուղղած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ պահպանելու քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան միջազգային պարտաւորութիւնները:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես համոզում յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին ըսած է ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կողմերուն ուղղած է դադրեցնելու բոլոր ռազմական գործողութիւնները:

Ընդհանուր քարտուղարը համոզուած է, որ տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ, որ երկխօսութիւնը տագնապի կայուն եւ տեւական լուծման միակ ճամբան է:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանատական հեղինակաւոր «Տը կլոպ էնտ մէյլ» պարբերականին տուած է հարցազրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձած է արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ տիրող իրավիճակին:

Հարցազրոյցին մէջ վարչապետ Փաշինեան ըսած է. «Արցախի մէջ զինադադար կրնայ հաստատուիլ միայն այն պարագային, եթէ Թուրքիան հեռացուի Հարաւային Կովկասէն»:

Փաշինեան Էրտողանը նկարագրեց իբրեւ առաջնորդ մը, որ կ՛երազէ վերականգնել այն Օսմանեան կայսրութիւնը, որ ոչնչացուց իր հայ ազգաբնակչութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին իրականացած ջարդերու եւ տեղահանութիւններու միջոցով: «Անցած է հարիւր տարի, եւ Թուրքիան վերադարձած է Հարաւային Կովկաս` շարունակելու Հայոց ցեղասպանութիւնը», ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+