​Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

09 Ekim 2020  

​Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան -

​Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան ​Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնները` հակամարտութեան կարգաւորումը Մոսկուա-Անգարա համատեղ դերակատարութեամբ պայմանաւորելու, անպայման պիտի արձագանգուէր Ազրպէյճանի կողմէ:

Եւ այսպէս. Ալիեւը պարզ դարձուց, որ բանակցութիւններուն դերակատար պէտք է դառնայ Թուրքիան: Յայտարարութիւնը ընդհանուրէն դէպի մասնակի առաջադրանքի բանաձեւում է:

Խօսելով յաւերժական խաղաղութեան տեսութեան մասին` Ալիեւը շեշտած է, որ արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը պէտք է ամրապնդուի աշխարհի յառաջատար երկիրներու երաշխիքներով, ընդ որում, անոնց կազմը կրնայ չսահմանափակուիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Եւ ապա ուղղակի յստակացուցած, որ «Անշուշտ, Թուրքիան, իբրեւ մեծ երկիր, իբրեւ մեր հարեւան, Հարաւային Կովկասի մէջ իրաւունք ունի մասնակցելու միջնորդական առաքելութեան, որ պիտի իրականացուի աշխուժ մարտական գործողութիւններու աւարտէն ետք: Հաշուի առնելով, որ ներկայիս միջնորդական առաքելութիւնը 28 տարի շարունակ ոչ մէկ արդիւնքի յանգած է, այլ` անգործութեան, մենք պէտք է մեկնինք գործնապաշտ մօտեցումէ, որ կրնայ իրապէս դրական ազդեցութիւն ունենալ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ` մագլցողականութեան նուազեցման, կայուն խաղաղութեան հաստատման, համագործակցութեան զարգացման համար: Եւ, ի հարկէ, առաջին հերթին, ես կը կարծեմ, որ անոնք Թուրքիան եւ Ռուսիան են»:

Չաւուշօղլուի առաջադրանքն է, որ կը ձեւակերպուի այստեղ: Ուղերձը հետեւեալն է: ԵԱՀԿ-ի ներկայ միջնորդական ձեւաչափը անգործութեան մատնուած է. զայն գործնական եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար հիմնականին մէջ Թուրքիան եւ Ռուսիան պէտք է համաձայնին յաւերժական խաղաղութիւն ապահովելու համար:

Քանի մը յստակացնելիք կէտ կայ այս բոլորին մէջ: Նախ յստակ է, որ ներկայ ձեւաչափէն Ռուսիան անջատելով քննադատական մեղադրանքները կ՛ուղղուին Ֆրանսային եւ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք անգործութեան մատնած են կարգաւորման ընթացքը: Երկու երկիրներու դուրս մղման առաջարկ է, որ կը կատարեն Անգարան եւ Պաքուն յաջորդաբար, իրար լրացնելով: Ի դէպ, ձեւաչափի փոփոխութիւն միշտ յանկերգած էր Պաքուն. այս անգամ երանգային նորութիւնը այն է, որ ուղղակի կը յստակացուին այն երկիրները, որոնք պէտք է ստանձնեն միջնորդութիւնը:

Հիմնական խնդիրը այս պարագային կը յամենայ այն, որ հակամարտութեան մէջ ո՛չ միայն յստակ կողմ եղող, այլ նաեւ ուղղակի պատերազմ հրահրած եւ պատերազմի մասնակցած, նոյնիսկ` պատերազմ կառավարած երկիրը այժմ կը յաւակնի միջնորդութիւն կատարելու: Թուրքիոյ ներգրաւումը ընդհանրապէս դատապարտուած է արդէն միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Թէ՛ Չաւուշօղլուն եւ թէ՛ Ալիեւը իրենց յայտարարութիւններով ըստ էութեան կը հակադրուին ո՛չ միայն ԵԱՀԿ-ի, միջազգային ընտանիքի եւ բազմաթիւ պետութիւններու, որոնք ԵԱՀԿ-ի ճշդած ձեւաչափին յղում կատարելով կը պահանջէին անյապաղ պատերազմը դադրեցնել եւ վերադառնալ բանակցային սեղան: Տակաւին. կը հակադրուին նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, որուն հրապարակած յայտարարութիւնը եւս նշում կ՛ընէր նոյն ձեւաչափին:

Պատերազմի բռնկման պատճառահետեւանքային երեւոյթները ռազմաքաղաքագիտական վերլուծումներու կ՛ենթարկուին տակաւին: Հիմա պարզ է, որ բանակցութիւներու վերադարձի մասին յայտարարութիւնները պիտի աշխուժանան: Ֆրանսան արդէն յայտարարեց, որ այսօր Ժընեւի մէջ կը սկսին քննարկումներ (բանակցութիւն բառը չ՛օգտագործուիր) եւ երկուշաբթի կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ: Այս առիթով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ կը քննադատէր Թուրքիոյ միջամտութիւնը Արցախի հարցին: Ֆրանսան համանախագահող երկրի իր հանգամանքով եւ իր նախագահին առաջադրած նոր մեթոտաբանութեամբ գործելու աշխատակարգով նախաձեռնողականութեամբ հանդէս կու գայ: Ֆրանսան իբրեւ համանախագահող ներկայ է այստեղ. Ռուսիան իբրեւ յաջորդ փուլը հիւրընկալող եւս ներկայ է. անկախ անկէ, որ Միացեալ Նահանգներու մասին նշում չկայ, այնուամենայնիւ պարզ է, որ միջնորդական առաքելութեան միեւնոյն ձեւաչափով, թէկուզ տարբեր մեթոտով, աշխատանքը պիտի վերագործարկէ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շուտով կը մեկնի Մոսկուա:

Ալիեւի յայտարարութեան մէջ կայ կարեւոր բաղադրիչ, որ բանակցութիւններու վերսկսումը կը պայմանաւորէր մարտական գործողութիւններու աւարտով: Մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Մինչ քննարկումները դէպի բանակցութիւն հող հարթելու ուղղութեամբ կը սկսին:

Եթէ ընդունինք, որ բանակցութիւնները կը սկսին նկատելով, որ Պաքուն որեւէ խնդիր չէ կրցած լուծել ռազմական իմաստով, ապա այս անգամ կը մտաբերենք, որ դիւանագիտական խնդիր եւս այս ձեւով չէ յաջողած լուծել, քանի որ բանակցութիւնները պիտի ընթանան առանց ձեւաչափի փոփոխութեան: Նախադրեալները կը յուշեն, որ պատերազմ հրահրող եւ ահաբեկչութիւն տարհանող պետութիւն մը, միջնորդական դեր դժուար թէ կարենայ վերցնել: Անգարային ուղղած իր դատապարտանքներէն ետք միջազգային հանրութիւնը լուրջ դժուարութիւն կ՛ունենայ նման լիազօրութիւն շնորհելու Անգարային:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+