​Յոյսի Նոր Նշան Մը - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

21 Ekim 2020  

​Յոյսի Նոր Նշան Մը -

​Յոյսի Նոր Նշան Մը ​Յոյսի Նոր Նշան Մը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Մոսկուայի մէջ դէմ առ դէմ հանդիպելու ուղղութեամբ։ Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ թէժ մարտերը կը շարունակուին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները առանձին հարցազրոյցներ տուին ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան։ Սա յոյսի նոր նշան մը եղաւ առկայ մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, երկու ղեկավարները յայտարարեցին, որ համաձայն են մեկնիլ Մոսկուա՝ դէմ առ դէմ հանդիպելու համար։ «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ ես պատրաստ եմ անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը ներդնելու՝ այդ արդիւնքին հասնելու համար, ներառեալ՝ երթալ, հանդիպիլ ու բանակցիլ», ըսած է Փաշինեան։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ նշած է հետեւեալը. «Մենք միշտ պատրաստ ենք հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ կամ այլուր, որպէսզի գտնենք կարգաւորման ուղիներ»։

«ԹԱՍՍ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ռազմավարական դեր ունի հայկական կողմին համար։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան օրինապէս իրաւունք ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հակաահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու։ Բաց աստի, հարցազրոյցին մէջ Փաշինեան քննադատութիւններ հասցէագրեց Անգարային։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ առաջին հերթին Թուրքիան կը խոչընդոտէ մարդասիրական հրադադարի հաստատուիլը։ Ըստ նոյն հարցազրոյցի յայտարարութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, եթէ Ատրպէյճան համաձայնի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին շուրջ փոխզիջման, ապա կարելի է ըսել, թէ փոխզիջման համար նախադրեալներ կան։ Երեւանէն երէկ Անգարային հասցէագրուած հերթական քննադատութիւնը արտայայտուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ «POLITICO»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան նշեց, որ Կովկասէ ներս Թուրքիոյ գործողութիւնները սպառնալիք են նաեւ Եւրոմիութեան համար։

Մինչ հակամարտ կողմերու ղեկավարները կանաչ լոյս վառած են Մոսկուայի մէջ դէմ առ դէմ հանդիպում մը ունենալու համար, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ շարունակեց իր յայտարարութիւնները Արցախի կացութեան շուրջ։ Այսպէս, ան յոյս յայտնեց, թէ հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի պահպանման վերահսկողութեան նպատակով դրութիւններ հաստատելու շուրջ շուտով համաձայնութիւն մը կը գոյանայ։ Լաւրով անհրաժեշտ համարեց՝ վերջ տալ ռազմական հռետորաբանութեան բարձրացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը։ «Սա մեծ ջանքեր չի պահանջեր», ըսաւ ռուս նախարարը։ Նոյնպէս «ԹԱՍՍ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով ըսաւ, թէ Ռուսաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան շուտով տարածքաշրջանէ ներս կրակի դադրեցման վերահսկման համար դրութիւն մը համաձայնեցնել։

Մոսկուայէն ուրիշ բարձրաստիճան պաշտօնատար մըն ալ երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին. ի դէմս՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Պոկտանովի, որ միեւնոյն ժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ան յայտնեց, որ Ռուսաստան Թուրքիոյ հետ շփումներու մէջ օրակարգի վրայ կը բերէ ահաբեկիչներու՝ Սուրիայէ եւ Լիպիայէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ փոխադրութեան հարցը։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը անընդունելի համարեց այդ գրոհայիններու տեղափոխումը։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները աւելի առաջ յայտնած էին, որ վարձկաններու խնդիրը ո՛չ միայն հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը ա՛լ աւելի կը սրէ, այլեւ՝ երկարաժամկէտ սպառնալիքներ կը ստեղծէ տարածքաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար։

ԱՄՆ-ԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը անմիջական ուշադրութեան առարկայ պահել։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ այս ուրբաթ Ուաշինկթընի մէջ պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Հայկական կողմը արդէն նախապէս հաղորդած էր, թէ Զօհրապ Մնացականեան պիտի այցելէ Ուաշինկթըն։ Այդ տեղեկութիւններէն անմիջապէս վերջ ամերիկեան կողմը հաղորդեց, որ այս ուրբաթ Մայք Փոմփէօ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Մնացականեանի եւ Պայրամովի հետ։ Զանազան հայկական աղբիւրներ չեն բացառեր, որ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենայ նաեւ եռակողմանի հանդիպում մը՝ Փոմփէոյի, Մնացականեանի եւ Պայրամովի մասնակցութեամբ։ Իսկ Ուաշինկթընի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սիւլէյմանով հաւանական նկատեց նաեւ Մնացականեանի եւ Պայրամովի դէմ առ դէմ հանդիպումը ԱՄՆ-ի մէջ։







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+