Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ քաղաքական ուժերու հետ իր նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի հետ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է երկրին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին, մասնաւորապէս` ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու ստորագրած յայտարարութեան ու անոր դրոյթներուն:
Հիմնական պատասխանատու նկատելով գործող իշխանութիւնները` ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները իրենց անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը արտայայտած են առկայ վտանգներուն վերաբերեալ, ներկայացուցած ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման իրենց տեսլականը:
Ընդգծուած է, որ ղարաբաղեան տագնապի` իբրեւ համազգային նշանակութեան հարցի լուծման շուրջ պէտք է ըլլայ համազգային համաձայնութիւն:
Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է երկրի կայունութեան պահպանման, հասարակական համերաշխութեան եւ միասնականութեան կարեւորութիւնը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com