​Ռուսական Միջնորդութեամբ «Հանգուցալուծում»` Սեւ Լիճի Շուրջ Ազրպէյճանական Ոտնձգութեան Հարցին - Հայերէն
14 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

17 Mayıs 2021  

​Ռուսական Միջնորդութեամբ «Հանգուցալուծում»` Սեւ Լիճի Շուրջ Ազրպէյճանական Ոտնձգութեան Հարցին -

​Ռուսական Միջնորդութեամբ «Հանգուցալուծում»` Սեւ Լիճի Շուրջ Ազրպէյճանական Ոտնձգութեան Հարցին ​Ռուսական Միջնորդութեամբ «Հանգուցալուծում»` Սեւ Լիճի Շուրջ Ազրպէյճանական Ոտնձգութեան Հարցին

Վերջին 5 օրերուն` 12 մայիս 2021-էն սկսեալ, երբ ազրպէյճանական զինուած ուժերը, «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, փորձած էին որոշակի աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ, տեղի ունեցան զանազան զարգացումներ, որոնք շարունակուեցան մինչեւ երէկ երեկոյեան:

Արդարեւ, 14 մայիս 2021-ին տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նամակով դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի Ռուսիա զինուորական օգնութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին` 1997-ի Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան մասին պայմանագիրին համաձայն: Սակայն, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Փաշինեան օգնութիւն չէ խնդրած Ռուսիայէն:

Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ, որ ըսած է, թէ ինք կը հետապնդէ, որ հարցը փոխանցուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, եւ յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ըստ անհրաժեշտութեան, Ֆրանսա պատրաստ է նաեւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցի լուծման միջազգային ջանքերուն:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գործող նախագահ, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնին` 15 մայիս 1992-ի «Հաւաքական անվտանգութեան մասին» պայմանագիրի երկրորդ յօդուածի ծիրին մէջ, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու դիրքորոշումները համակարգելու եւ յառաջացած սպառնալիքի վերացման համար միջոցներու ձեռնարկելու նպատակով արտակարգ խորհրդատուութիւններու անյապաղ սկսելու գործիքակազմը գործադրելու համար: Ան այս մասին, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հանգամանալից տեղեկատուութեամբ նամակներ յղած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն:

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի աւարտին 86 թեր քուէներով որդեգրուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստագոյնս կը դատապարտուին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ Ազրպէյճանի վարած յարձակողական քաղաքականութիւնը կը խախտէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները:

16 մայիս 2021-ին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստ:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, թէ քննարկուած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի լուծման ուղղութեամբ բանակցութիւններու ընթացքին եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի անձեռնմխելիութեան ապահովման ուղղուած հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:

Երէկ վերջ գտան երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցան ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Սիւնիքի նախկին մարզպետ, «Վերածնուող Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան ըսաւ, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններով` Սիւնիքի մարզին մէջ ազրպէյճանական չորս դիրք պիտի ըլլայ` իւրաքանչիւրին մէջ 15-ական զինուոր:

«Այսօրուան բանակցութիւններու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Սեւ լիճի տարածքին մէջ ունենալ հաւասարաչափ ուժեր. չորս դիրք պիտի ունենան ազրպէյճանցիները, չորս դիրք հայկական կողմը: Անհեթեթը այն է, որ իրենք կը պարտադրեն, թէ մենք քանի զինուոր ու դիրք ունենանք մեր հողին վրայ», ըսաւ Վահէ Յակոբեանը:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+