​«վոլսվակէն Արենա» Սրահին Մէջ Պատարագի Համար Պատրաստուած Բեմը Նախագծուած Էր Նորա Հիսարլըի Կողմէ - Հայերէն
03 Aralık 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Տրե / Օր : Արամ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

01 Aralık 2025  

​«վոլսվակէն Արենա» Սրահին Մէջ Պատարագի Համար Պատրաստուած Բեմը Նախագծուած Էր Նորա Հիսարլըի Կողմէ -

​«վոլսվակէն Արենա» Սրահին Մէջ Պատարագի Համար Պատրաստուած Բեմը Նախագծուած Էր Նորա Հիսարլըի Կողմէ ​«վոլսվակէն Արենա» Սրահին Մէջ Պատարագի Համար Պատրաստուած Բեմը Նախագծուած Էր Նորա Հիսարլըի Կողմէ

«ՀայՃար» Միութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց որ Հռոմի Պապի կողմէ «Վոլսվակէն Արենա» սրահին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագը մեծ հպարտութիւն դարձաւ «ՀայՃար»ի համար։

«ՀայՃար»ի անդամ Նորա Հիսարլը նախագծած էր արարողութեան բեմը, իր ստորագրութիւնը դնելով պատմական իրադարձութեան տակ, նաեւ ստեղծելով անմոռանալի ներկայացում՝ Միութեան եւ Պոլսահայութեան համար։

Արարողութեան ընթացքին «ՀայՃար»ի ղեկավարութիւնը հնարաւորութիւն ունեցաւ մէկտեղուելու Հռոմի Պապին հետ եւ անոր նուիրելու «Պալեաններ» գիրքէն երկու օրինակներ։ Այս յատուկ հանդիպումը նշանակալից քայլ մը եղաւ Պոլսահայութեան մշակութային ժառանգութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ յառաջ մղելու գործին մէջ։

Յայտարարութեան մէջ, «ՀայՃար»ի ղեկավարութիւնը կը նշէ որ Նորա Հիսարլըի ստեղծագործական տեսլականն ու նուիրեալ աշխատանքը ամրապնդեցին մեր համայնքի ոգին։

«ՀայՃար» դիտել կուտայ նաեւ որ համայնքէն բազմաթիւ անդամներ նշանակալից ջանքեր ունեցան արարողութեան նախապատրաստութեան գործընթացին մէջ, աւելցնելով որ այս համերաշխութիւնը կարեւոր մասը կը կազմէր հասարակաց յաջողութեան։

Եզրակացնելով, «ՀայՃար» յատկապէս կը շեշտէ որ Հիսարլը իր աշխատութեամբ արժէքաւոր ներդրում կը բերէ համայնքին։







Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+