Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Կ՛ունենայ Զբօսաշրջութեան Նախարարին Հետ -
Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Կ՛ունենայ Զբօսաշրջութեան Նախարարին Հետ
28 յուլիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Լորա Լահուտի հետ:
Հանդիպման ընթացքին դեսպան Պաղտասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Լահուտին մարտ ամսուան ընթացքին, պատերազմի բռնկումով պայմանաւորուած, Պէյրութէն Երեւան արտահերթ թռիչք իրականացնելու եւ Պուսթան փառատօնին մասնակցութեան համար Լիբանանի մէջ գտնուող Երեւանի երիտասարդական նուագախումբի տարհանման համար առանցքային եւ որոշիչ աջակցութիւն ցոյց տալու հարցին մէջ:
Դեսպան Պաղտասարեան Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Ավինեանի անունով նախարար Լահուտին փոխանցեց Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած յուշամետալը` ի նշան երախտագիտութեան եւ գնահատանքի:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական կողմի գնահատանքին համար, նշեց, որ շոյուած է Երեւանի քաղաքապետի նման որոշումէն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com