Միացեալ Նահանգներ 60 Երկիրներու Դէմ Նոր Մաքսատուրքեր Հաստատեցին - Հայերէն
30 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

29 Temmuz 2026  

Միացեալ Նահանգներ 60 Երկիրներու Դէմ Նոր Մաքսատուրքեր Հաստատեցին -

Միացեալ Նահանգներ 60 Երկիրներու Դէմ  Նոր Մաքսատուրքեր Հաստատեցին Միացեալ Նահանգներ 60 Երկիրներու Դէմ Նոր Մաքսատուրքեր Հաստատեցին

Միացեալ Նահանգներ հարկադիր աշխատանքի դէմ պայքարի պատրուակով 60 առեւտրական գործընկերոջ դէմ մաքսատուրքեր հաստատած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչին:

Անոր տուեալներով` տուրքերու չափը կազմած է 10 առ հարիւրէն 12,5 առ հարիւր: Սահմանափակող քայլեր հաստատուած են 60 երկիրներու, ներառեալ Եւրոպական Միութեան պետութիւններու նկատմամբ: Տուրքերը արդէն ուժի մէջ մտած են:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ տուրքերու ազդեցութենէն դուրս պիտի բերուի ապրանքներու ցանկը, ներառեալ քարիւղը, կազը, պարարտանիւթերը, սննդամթերքի որոշ տեսակներ, ինչպէս նաեւ այն ապրանքները, որոնց նկատմամբ արդէն ամերիկեան տուրքեր կը գործեն, ներառեալ ինքնաշարժները, պողպատը, ալիւմինիոմը եւ պղինձը:

Բացի ատկէ, տուրքերը պիտի չկիրարկուին այն ապրանքներուն նկատմամբ, որոնք կ՛իյնան Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի եւ Քանատայի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի գործողութեան տակ:

Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` հարկադիր աշխատանքի դէմ պայքարի քայլեր ձեռնարկած երկիրներու նկատմամբ տուրքերը պիտի կազմեն 10 առ հարիւր, իսկ մնացեալ պետութիւններուն նկատմամբ` 12,5 առ հարիւր:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Պրիւքսելը Ուաշինկթընէն բացատրութիւններ պիտի պահանջէ նոր մաքսատուրքերու սահմանման վերաբերեալ:

«Մենք գործարք ունէինք Ամերիկայի հետ, եւ մենք կը հետեւէինք այդ գործարքին: Մեզի համար այս համաձայնութիւնները չպահպանելը տհաճ անակնկալ դարձաւ», ըսած է Քալլաս:

Բացի ատկէ, ան մատնանշած է նոր սահմանափակումներու անհիմն ըլլալը: Անոր համաձայն, եւրոպական աշխատանքային օրէնսդրութիւնը աւելի լաւ է, քան ամերիկեանը, համայնքի երկիրներուն մէջ կայ վճարովի արձակուրդ, կան շատ լաւ աշխատանքային պայմաններ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+