Հուայեք Պատրիարքը Երանելի Հռչակուեցաւ -
Հուայեք Պատրիարքը Երանելի Հռչակուեցաւ
Վատիկանի մէջ սուրբերու դատերու ժողովի ղեկավար, կարտինալ Մարչելլօ Սեմերարոն Տիմանի մէջ արարողութեան ընթացքին մարոնիներու նախկին պատրիարք Էլիաս Հուայեքը երանելի հռչակեց:
Ան ըսաւ, որ Հուայեքի տօնը պիտի նշուի իւրաքանչիւր տարուան 5 յունիսին:
Կարտինալ Սեմերարօ նշեց. «Անոր երանելիութիւն շնորհուեցաւ 2026-ին, Ս. Պետրոսի եւ Ս. Պօղոսի տօնին, Վատիկանի ստորագրութեամբ»:
Մարոնիներու պատրիարքութեան Տիմանի ամարանոցին մէջ Էլիաս Հուայեք պատրիարքի երանացման արարողութեան ներկայ էր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, առաջին տիկին Նեհմաթ Աունը, վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, անոր կինը` Սահար Պաասիրին, ինչպէս նաեւ քաղաքական, կրօնական եւ ընկերային անձնաւորութիւններ:
Պատարագիչն էր մարոնիներու Ռայի պատրիարքը, որ իր քարոզին մէջ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ իր այցելութենէն վերադառնալէ ետք նախագահ Աունի մասնակցութիւնը այս արարողութեան` Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելով այդ այցելութեան բոլոր երեսներով յաջողութեան նշաններուն համար:
«Աստուծմէ կը խնդրենք կատարել ձեր ցանկութիւնները Լիբանանի բարօրութեան, անոր կայունութեան, անոր տնտեսական եւ ֆինանսական աճին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնագիրի գործադրութեան համար, որպէսզի անիկա երաշխաւորէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու իշխանութիւնը իր հողերուն վրայ եւ անոր լիակատար անկախութիւնը», ըսաւ պատրիարքը:
«Հուայեքը Լիբանանի դատը ներկայացուց Փարիզի մէջ խաղաղութեան խորհրդաժողովին եւ վերատիրացաւ այն հողերուն, որ Օսմանեան կայսրութիւնը Լիբանանէն խլած էր, մինչեւ որ արժանացաւ Մեծն Լիբանանի պատրիարք կոչումին, եւ անոր անունը նշուեցաւ լիբանանեան պետութեան ծննդոցին մէջ», նշեց Ռայի պատրիարքը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com