Ռուսիոյ Համաձայն. Եւրոպական Միութիւնը Կը Քաջալերէ Հայաստանի Հակառուսական Քայլերը - Հայերէն
30 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

30 Temmuz 2026  

Ռուսիոյ Համաձայն. Եւրոպական Միութիւնը Կը Քաջալերէ Հայաստանի Հակառուսական Քայլերը -

Ռուսիոյ Համաձայն.  Եւրոպական Միութիւնը Կը Քաջալերէ  Հայաստանի Հակառուսական Քայլերը Ռուսիոյ Համաձայն. Եւրոպական Միութիւնը Կը Քաջալերէ Հայաստանի Հակառուսական Քայլերը

Եւրոպական Միութիւնը կը ծրագրէ քաջալերել Հայաստանի հակառուսական քայլերը` վիզաներու դրութեան ազատականացման հեռանկարներուն փոխարէն, կը հաղորդէ Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան մամլոյ գրասենեակը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Արտաքին հետախուզութեան վարչութեան ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, Պրիւքսելի մէջ կը գիտակցին Հայաստանի մէջ խոր տնտեսական ճգնաժամի անխուսափելիութիւնը, եթէ Երեւան դուրս դրուի Եւրասիական տնտեսական միութենէն: Կ՛ընդգծուի, որ եւրասիական համարկման մասնակցելէն ստացուող եկամուտները զերոյի հաւասարեցնելը թոյլ պիտի չտայ ԵԱՏՄ անդամներուն հաշուոյն ապահովել դէպի Եւրոպական Միութիւն «թիավարող» հայկական իշխանութիւններու կայունութիւնը:

«Եւրոպական կառոյցներուն մէջ կ՛ընդունին, որ հակառուսական պատժամիջոցային քաղաքականութեամբ եւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին աջակցելու եւրոպական մոլուցքային ձգտումով պայմանաւորուած` Եւրոպական Միութեան մէջ աճող տնտեսական խնդիրները Պրիւքսելին կարելիութիւն պիտի չտան Երեւանին փոխհատուցելու միլիառաւոր վնասները: Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներ արդէն ազդանշան տուած են Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան` Հայաստանէն եկող ապրանքներուն համար իրենց շուկաները բանալու անպատրաստութեան մասին` ի վնաս ազգային արտադրողներուն:

«Միեւնոյն ատեն, Պրիւքսելի պաշտօնեաները պիտի շարունակեն համոզել Երեւանը իրենց անվերապահ աջակցութեան հարցով: Որոշ օգնութիւն տրամադրելու հարցով յառաջացած դանդաղեցումը եւրոպացիները մտադիր են բացատրել անով, որ Եւրոպական Միութեան միանալը լիովին կախեալ պիտի ըլլայ Երեւանէն եւ եւրոպական համարկման ուղիին վրայ անոր «ձեռքբերումներ»-էն:

«Մասնաւորաբար, Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութենէն արդէն իսկ կը պահանջեն նուազեցնել ռուսական ուժանիւթի ներկայութիւնը ռազմավարական ոլորտներուն մէջ, խզել մարդասիրական կապերը Ռուսիոյ հետ եւ ճնշել այդ քաղաքականութեան դէմ արտայայտուող ներքին ընդդիմադիրները: Նման գիծ քաջալերելը նախատեսուած է իրականացնել հայ քաղաքացիներուն համար վիզաներու դրութեան ազատականացման հեռանկարներու ձեռնածութիւններու եւ «հեռաւոր հրաշալիքին մէջ» Հայաստանը «բարգաւաճ խաղաղութեան խաչմերուկի» վերածելու խոստումներուն հաշուոյն:

«Պրիւքսել պէտք չէ յոյս դնէ այն երեւոյթին վրայ, որ ԵԱՏՄ երկիրները պիտի չարտօնեն երեւանեան քաղաքական անձնակազմի ընկղմիլը, ջուրի մակերեսին պիտի պահեն զայն եւ պիտի հովանաւորեն անոր մարաթոն լողը դէպի Եւրոպական Միութիւն», կը նշուի Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+