Թոքայեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Հակամարտութեան Բնոյթը Մեզի Համար Ամբողջովին Յստակ Էր, Սակ - Հայերէն
30 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

27 Temmuz 2026  

Թոքայեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Հակամարտութեան Բնոյթը Մեզի Համար Ամբողջովին Յստակ Էր, Սակ -

Թոքայեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Հակամարտութեան Բնոյթը Մեզի Համար Ամբողջովին  Յստակ Էր, Սակ Թոքայեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Հակամարտութեան Բնոյթը Մեզի Համար Ամբողջովին Յստակ Էր, Սակայն Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Հակամարտութեան Պատճառը Անհասկնալի Է»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ժամանակ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ զուգահեռ գծած է Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան միջեւ` նշելով անոնց միջազգային ընտանիքին համար հասկնալիութեան զգալի տարբերութիւնը:

Թոքայեւ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սառեցուած հակամարտութեան բնոյթն ու ծագումը չափազանց յստակ եւ ակնյայտ էին Ղազախստանի եւ այլ երկիրներու համար, քանի որ անոնց ծագումը «խոր կերպով արմատաւորուած էր պատմութեան մէջ», մինչդեռ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան պատճառը անհասկնալի է:

«Գիտէք, իմ կարծիքովս, ես սկիզբէն ըսի, որ ասիկա միջպետական հակամարտութիւն է. ատիկա դժուար թէ քաղաքացիական պատերազմ ըլլայ: Մենք միշտ յարգած ենք ուքրանացի ժողովուրդը, անոր մշակոյթը եւ անոր լեզուն: Եւ մենք կը կարծենք, որ այս հակամարտութեան բնոյթը շատերու համար, ներառեալ մեզի համար, բնաւ յստակ չէ: Ենթադրենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւն եղած է, ներառեալ սառեցուած հակամարտութիւն, այդ հակամարտութեան բնոյթը, ատոր ծագումը, մեզի համար ամբողջովին յստակ էին. անոնք խոր կերպով արմատաւորուած էին պատմութեան մէջ: Սակայն այստեղ ատիկա շատ դժուար է հասկնալ: Գիտեմ, որ դուք ցուցաբերեցիք առաւելագոյն դիւանագիտական ճկունութիւն Ալասքայի Էնքըրիճ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ժամանակ: Եւ պարզապէս իմ համեստ կարծիքս է. թերեւս այս հակամարտութիւնը պէտք է սառեցուի, եւ մենք պէտք է վերադառնանք «Պոլիս 2.0» բանաձեւին, քանի որ այնտեղ նշանակալի արդիւնքներու հասած են», նշած է Թոքայեւ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+