Թրամփ. «Ծոցի Մէջ Նաւերուն Հասած Վնասները Պիտի Փոխհատուցուին Իրանեան Սառեցուած Գումարներով» -
Թրամփ. «Ծոցի Մէջ Նաւերուն Հասած Վնասները Պիտի Փոխհատուցուին Իրանեան Սառեցուած Գումարներով»
Ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ յաջողութեամբ աւարտած է Իրանի վրայ հարուածներու 13-րդ գիշերը: Ըստ իրանեան աղբիւրներու, յարձակումներուն պատճառով Խուզիստան եւ Հորմուզղան նահանգներուն մէջ արձանագրուած են 4 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ:
Ամերիկեան յարձակումները կեդրոնացան Իրանի հարաւին եւ հարաւ-արեւմուտքին վրայ:
Իրանեան բանակը իր կարգին յայտնեց, որ «Արշ» անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Պահրէյնի Շէյխ Իսա ռազմակայանին մէջ վառելանիւթի ամբարներն ու ամերիկեան ուժերու կեցութեան վայրերը:
Իրանեան բանակը նաեւ նշեց, որ «Արշ» անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Յորդանանի Ազրաք ռազմակայանին մէջ օդանաւերու պահման վայրերու եւ ամերիկացի զինուորներու կեցութեան վայրերու վրայ` ընդգծելով, որ Թեհրանի իրաւական շահերուն դէմ որդեգրուած որեւէ քայլ պիտի խաթարէ շրջանի մնացեալ պետութիւններու անվտանգութիւնն ու տնտեսական շահերը:
Իրանեան բանակը աւելի ուշ ըսաւ, որ անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Քուէյթի Տոհա, Արիֆժան եւ Ատիրի ռազմակայանները:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Ծոցի մէջ Իրանի կողմէ յարձակումի ենթարկուած նաւերուն կրած վնասները պիտի փոխհատուցուին Միացեալ Նահանգներու մէջ սառեցուած իրանեան գումարներով:
«Թող այս հաղորդագրութիւնը իբրեւ յայտարարութիւն ըլլայ. այսուհետեւ նաւերուն, ապրանքներուն կամ անոնց վերաբերող որեւէ բանի հասած որեւէ վտանգ պիտի փոխհատուցուի իրանեան գումարներով, որոնք Միացեալ Նահանգներու ձեռքն են եւ անոնց վերահսկողութեան տակ», ըսաւ Թրամփ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հակադարձեց ըսելով. «Ապագայ անկապ պահանջները կարգաւորելու համար այլ երկիրներու հաշիւներու բռնագրաւումը վտանգաւոր եւ հակամարտութիւններ հրահրող գործելաոճ է», նշեց ան:
Արաղչի յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ ապահովական ու ծովային դասաւորումներուն ամերիկեան միջամտութիւնն ու ծովային շրջափակման վերականգնումը նեղուցի ապահովութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ շրջանային ջուրերու եւ Հորմուզի նեղուցի անվտանգութիւնը կարելի չէ օտար ուժերու կամ անոնց միջամտութեան ճամբով երաշխաւորել` նշելով, որ այդ մէկը պիտի իրականանայ շրջանի պետութիւններու գործակցութեան ճամբով:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած է, որ Թրամփ Իրանի դէմ հարուածները շարունակելէն բացի լաւ ընտրանք մը չի տեսներ:
Աղբիւրներ օրաթերթին նշած են, որ Թրամփ այլեւս Իրանի հետ բանակցութիւններուն տեւական խաղաղութեան հաստատման կարողութեան աւելի կը կասկածի:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրան մերժած է Իրաքի ճամբով իրեն ներկայացուած զինադադարի ամերիկեան առաջարկ մը, որ ըստ իրաքցի եւ իրանցի պաշտօնատարներու Իրաքի վարչապետը Ալի Զայտին փոխանցած է Թեհրանին: Իրաքի վարչապետի գրասենեակը, սակայն, հերքեց լուրը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ զգուշացուց Իրանը, թէ իր տնտեսութիւնը պիտի տապալի, եթէ շրջանին մէջ ներկայ զինուորական մագլցումը դադրեցնելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն չգոյացնէ:
Ռուպիօ ճափոնական «Էն.Էյչ.Քէյ.» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը թուի, թէ իրանցիները կը գիտակցին, որ եթէ մեզի հետ համաձայնութիւն չգոյացնեն, իրենց տնտեսութիւնը աղէտալի կերպով պիտի տապալի»:
«Անոնք շարունակ մեզի հետ կապ կը հաստատեն եւ կ՛ըսեն, թէ կ՛ուզեն գործարք կնքել, սակայն ամէն անգամ, որ համաձայնութիւն կնքեն, իրենց դիրքորոշումը կը փոխեն եւ համաձայնութիւնը կը խախտեն, ուստի ատոր գինը կը վճարեն, եւ այդ գինը ամէն գիշեր պիտի բարձրանայ», աւելցուց ան:
«Թերեւս քանի մը օրէն պատրաստ կ՛ըլլան, սակայն ներկայ պահուն կրնամ ըսել, թէ անոնց հետ խօսելու մէջ յաջողութեան շատ առիթ չեմ տեսներ, որովհետեւ չեն գիտեր համաձայնութիւն ինչպէս կնքել կամ ատոր պատրաստ չեն, եւ ասիկա ցաւալի է», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Անդրադառնալով Եմէնի մէջ հուսիներուն` Ռուպիօ ըսաւ, որ անոնք պէտք է գիտակցին, թէ պատերազմին մէջ իրենց ներքաշուիլ կրնայ իրենց ոչնչացման յանգեցնել:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com