Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութենէն Մէկ Օր Ետք. Փութին-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութի - Հայերէն
30 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

29 Temmuz 2026  

Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութենէն Մէկ Օր Ետք. Փութին-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութի -

Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութենէն Մէկ Օր Ետք.  Փութին-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութի Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութենէն Մէկ Օր Ետք. Փութին-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Իլհամ Ալիեւը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Քննարկելով երկկողմանի եւ միջազգային օրակարգի հրատապ նիւթերը, ղեկավարները ընդգծած են ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կառուցողական բնոյթը եւ կառավարութիւններու ու առաջնակարգ գերատեսչութիւններու մակարդակի վրայ երկխօսութեան աշխուժացումը:

«Կողմերը հաստատած են փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման տրամադրուածութիւնը», նշուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմը չի յստակացներ, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը որո՛ւ նախաձեռնութեամբ կայացած է: Ալիեւ եւ Փութին զրուցած են Ռուսիոյ նախագահին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն մէկ օր ետք:

Փութին-Փաշինեան զրոյցը տեղի ունեցած էր հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+