​Պէյրութի աղէտին համար արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն. Ռայի Պատրիարք - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

06 Ağustos 2021  

​Պէյրութի աղէտին համար արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն. Ռայի Պատրիարք -

​Պէյրութի աղէտին համար արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն. Ռայի Պատրիարք ​Պէյրութի աղէտին համար արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն. Ռայի Պատրիարք

Քահանայապետին խօսքերը կ՛օգնեն ապաքինելու այս աղէտէն. Այժմ ժամն է վերակառուցելու Լիբանանը։

Մարոնի Համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը 4 օգոստոսին Պէյրութի Նաւահանգիստի տարածքին մատոյց Սուրբ Պատարագ ի յիշատակ անցեալ տարի նոյն վայրին մէջ պատահած աղէտալի պայթումին, որուն պատճառաւ մահացան 200 անձինք ու վիրաւորուեցան 6500 անհատներ։[Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տարեդարձին առթիւ հաւաք եւ աղօթք]

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տարեդարձին առթիւ հաւաք եւ աղօթքԵթէ բառերը աչքեր եւ երակներ ունենային Պշարա Ռայի պատրիարքին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ արտասանած խօսքերէն դուրս պիտի գային արցունք եւ արիւն։ Անոնք վիրաւոր լիբանանցիի խօսքերն էին, նման բոլոր լիբանանցիներուն, որոնք մէկ տարի ի վեր կը սպասեն առադրութիւն ու ճշմարտութիւն եւ օրէ օր կ՛ապրին անդունդին մէջ մխրճուելու սարսափը։

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը նկատուած է Մարդկային պատմութեան մէջ ոչ հիւլէական երրորդ ամենամեծ պայթումը» յիշեց Պատրիարքը իր քարոզին մէջ յիշեցնելով որ «աղէտներու եւ արհաւիրքներու մէջ միայն Աստուած կարող է յոյս ու մխիթարութիւն տալ» եւ այս հեռանկարով վստահեցնելով որ «Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին կու գան յատկապէս «սփոփելու վէրքերը՝ զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն ու համայն լիբանանցիներուն»։

Ի՞նչու այստեղ ենք

Կարդինալ Ռային նշեց թէ այստեղ կը գտնուինք հայցելու համար արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն։ «Հողը պիտի մնայ ցնցուած մինչեւ այն ժամանակ որ ճշմարտութիւնը չիմանանք Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահածի մասին։ Պետութիւնը պարտաւոր է այդ ճշմարտութիւնը զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն, անոնց որոնք թիրախ եղան այդ ահռելի պայթումին», յարեց ի մէջ այլոց Մարոնիներու առաջնորդը հրաւիրելով վկայել «իսլամներու ու քրիստոնեաներու միութիւնը, հաւատարիմ մնալով միայն Լիբանանին», ապա հաստատեց՝ թէ «այստեղ կը գտնուինք կոչ ուղղելու քաղաքական պատասխանատուներուն «յառաջ ընթացէք, անմիջապէս կազմեցէք բարեկարգումներու ու փրկութեան կառավարութիւն մը»։ Այստեղ ենք նաեւ կոչ մը ուղղելու աշխարհի երկիրներուն, աւելցուց Ռայի Պատրիարքը. «Լիբանանը ձեզի կ՛աղաղակէ, փրկեցէք զայն»։

370 միլիոն տոլար Լիբանանին

Պատրիարքը հուսկ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտեց Փարիզի Լիբանանին ի նպաստ միջազգային ժողովին առթիւ Լիբանանի համար հանգանակուած 370 միլիոն տոլարի նուիրատուներուն։

Վերակառուցենք քաղաքը ու նաեւ հոգին

«Ի տես «ժողովուրդի մը հոգիի սպանդին» որ «աղօթքի ուժով կարող է գտնել սփոփանք» պարտք է որ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը իրենց ընթացքը կատարեն» ըսաւ ապա Կարդինալ Պշարա Ռային կոչ ուղղելով քաղաքական գործիչներու խղճին, ապա վստահեցնելով «ամբողջական հաւատարմութիւն Պէյրութին, զայն վերակառուցելով իր գեղեցկութեամբ ու ժառանգութեամբ, իր արուեստով, եկեղեցիներով, մզկիթներով ու կառոյցներով, իր ծաղիկներով ու ծառերով, իր քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին պատկանող ժառանգութեամբ։

Արցունքները պիտի սրբուին։

«Եթէ բարոյականը բարձր պահուի համայն Պէյրութը կարելի է վերակառուցել առանց հարցերու» մատնանշեց հուսկ Պատրիարքը դիտել տալով որ մեծ աղէտներու ու ողբերգութիւններու ընթացքին, ժամանակը կը դադրի ժամանակագրական ըլլալէ եւ տարիները կը դառնան յաւիտենականութիւն։ Սակայն Աստուծոյ համար, ժամանակը անվերջ է։ Աստուած մեզի կը նայի ողորմածութեամբ, կը ողջագուրէ մեր զոհերը ու զանոնք կը միացնէ իր սրտի քնքշութեան եւ իր փառքի լոյսին։ Ան պիտի սրբէ անոնց աչքերէն արցունքները, այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ մահ, ոչ ալ լաց, ոչ ցաւ եւ ոչ ալ ողբ։ Որովհետեւ հին աշխարհը անցաւ» ըսաւ ապա Կարդինալ Ռային մէջբերելով Յայտնութեան գիրքէն քաղուած այս խօսքերը որպէս հրաւէր վստահութեան՝ ու քաջալերանք ուղղուած իւրաքանչիւր լիբանանցիի։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+