Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան Թուրքիոյ Մէջ Lgs-Ի Առաջին - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

02 Temmuz 2022  

Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան Թուրքիոյ Մէջ Lgs-Ի Առաջին -

Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան Թուրքիոյ Մէջ Lgs-Ի Առաջին Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան Թուրքիոյ Մէջ Lgs-Ի Առաջին

2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը մեծ յաջողութեամբ մը, արդար հպարտութիւնը պարգեւեց պոլսահայ կրթական համակարգին։ Այսպէս, Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան հանդիսացած է լիսէներու մտից քննութեան (LGS) առաջինը։ Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ միլիոնաւոր աշակերտի մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս քննութեան արդիւնքով ան ապահոված է 500 նիշ, արդէն հնարաւոր առաւելագոյնն է։ Սա անկրկնելի յաջողութիւն մըն է եւ Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան այս գերազանց նուաճումով հնարաւորութիւն պիտի ունենայ լիսէի ուսումը շարունակելու երկրի լաւագոյն վարժարաններէն մէկուն մէջ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեանը, որուն կը մաղթենք ապագայ յաջողութիւն կրթական կեանքին մէջ։ Այս ուրախ առթիւ կը խնդակցինք իր երջանիկ ծնողքին եւ ամբողջ ընտանիքին։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+