Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «Չծնածներու ձայնը» անուան զանգակը - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

23 Mart 2023  

Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «Չծնածներու ձայնը» անուան զանգակը -

Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «Չծնածներու ձայնը» անուան զանգակը Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «Չծնածներու ձայնը» անուան զանգակը

Չծնածներու ձայն»անուան զանգակները արդեն կը ղողանջեն Լեհաստանի, Ուքրանիոյ եւ էքուատորի մէջ ու շատ մը երկիրներ հետաքրքրուած են այդ նախաձեռնութեամբ։Վազգէն Աբարդեան - ՎատիկանՈւնկնդրէ լուրըՉորեքշաբթի, 22 մարտին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «Չծնածներու ձայն» անուան զանգակը նուիրուած «Այո՛ կեանքին» հիմնադրամի կողմէ հարաւային Ափրիկէի մէջ գտնուող Զամպիա երկրին։

Սոյն զանգակը պիտի փոխադրուի Լուսաքա քաղաքի Յիսուս Մանուկ տաճարը եւ այդտեղէն պիտի փոխադրուի Ափրիկէի շատ մը քաղաքներ։

Զանգակի օրհնութեան, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճին ետեւի մուտքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լուսաքա թեմի արքեպիսկոպոս Ալիք Պանտա եւ Bogdan Romaniuk հիմնադրամի փոխ նախագահը։

Յայտնենք թէ «Չծնածներու ձայն»անուան զանգակները կը ղողանջեն արդեն Լեհաստանի, Ուքրանիոյ եւ էքուատորի մէջ ու շատ մը երկիրներ հետաքրքրուած են այդ նախաձեռնութեամբ։

Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 22 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեհերուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադառնալով «Չծնածներու ձայն» անուան զանգակի ծրագիրին նշեց, որ այս շաբաթ կը յիշատակուի Տիրոջ աւետման տօնը, որ Լեհաստանի մէջ նաեւ կեանքի սրբութեան օրն է։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ մարդկային կեանքը փրկելու կարեւորութեան իբրեւ նշան՝ բեղմնաւորումէն մինչեւ մահ, «Այո՛ կեանքին» հիմնադրամը դէպի Զամպիա կ՝ուղարկէ « Չծնածներու ձայն»անուան զանգակը զոր, այսօր առտու օրհնեցի։Թող անոր ձայնը կրէ այն ուղերձը, որ ամէն կեանք սուրբ է եւ ամէն կեանք անձեռնմխելի է»։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+