ՏԽՐՈՒՆԻ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի երէց սերունդի վառ ներկ - Հայերէն
12 Mayıs 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Մարերի / Օր : Անի / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

09 Mayıs 2025  

ՏԽՐՈՒՆԻ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի երէց սերունդի վառ ներկ -

ՏԽՐՈՒՆԻ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի երէց սերունդի վառ ներկ ՏԽՐՈՒՆԻ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝

ՏԽՐՈՒՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝

ԱՆԱՅԻՍ ԵԱԼՏԸԶՃԵԱՆ

Սա իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն է՝ որքան որ ալ ան յառաջացած տարիքի մէջ հրաժեշտ առած ըլլայ երկրաւոր կեանքէն։ Անայիս Եալտըզճեան ո՛չ միայն իր սերունդի տիրական դէմքերէն մին էր, այլ նաեւ ունէր առանձնայատկութիւն մը՝ քանի անմահ բանաստեղծ Զահրատի կողակիցն էր։ Անայիս Եալտըզճեան այնպիսի կեանք մը ապրած էր, որ Զահրատի կողակիցը ըլլալու հանգամանքը իսկապէս իր տեսակէտէ առանձնայատկութիւն մըն էր։ Մեծանուն բանաստեղծին հետ հասարակական կեանքէ ներս զբաղեցուցած դիրքը այնպէս մը իւրացուցած էր, որ Զահրատի կողակիցը ըլլալու հանգամանքը իր իսկ տեսակէտէ այնքան մարսուած առանձնաշնորհում մըն էր, որով ունեցած հպարտութիւնն ալ չէր թաքցուցած երբեք։

Անայիս Եալտըզճեանի կորուստով թրքահայ կեանքի երկնակամարէն կը սահի աստղը այնպիսի կերպարի մը, որ կը մարմնաւորէր հայկական տոհմիկ արժէքներու պաշտպանի, անոնց համար պայքարողի դիմագիծը։

Այս տխուր կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իրեն, խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր բարեկամական շրջանակին։







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+