Աշխարհի Միակ Կին Հայ Օդաչուն՝ Նատեժտա Պենկլեան Միացաւ «Flyone Armenıa» Ընկերութեան Կազմին - Հայերէն
06 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Մադեղ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

31 Mart 2023  

Աշխարհի Միակ Կին Հայ Օդաչուն՝ Նատեժտա Պենկլեան Միացաւ «Flyone Armenıa» Ընկերութեան Կազմին -

Աշխարհի Միակ Կին Հայ Օդաչուն՝ Նատեժտա Պենկլեան Միացաւ «Flyone Armenıa» Ընկերութեան Կազմին Աշխարհի Միակ Կին Հայ Օդաչուն՝ Նատեժտա Պենկլեան Միացաւ «Flyone Armenıa» Ընկերութեան Կազմին

Հայկական առաջին ազգային օդագնացութեան ընկերութիւն նկատուող «ՖլայՈւան Արմենիան»ն (FlyOne Armenia) վերջերս յայտարարեց, որ այսօր գործող հայազգի միակ կին օդաչուն՝ վրացահայ Նատեժտա (Նատիա) Պենկլեանը միացած է «ՖլայՈւան Արմենիա»ի օդաչուներու կազմին:

Մինչ այդ՝ երիտասարդ հայուհին յայտնի դարձած էր իբրեւ Վրաստանի օդագնացութեան մէջ յաջողութիւններ արձանագրած առաջին հայ կին օդաչուն, որ աշխատած է վրացական ազգային օդագնացութեան («Ճորճիըն Էրուէյզ») մէջ եւ կոտրած այն կարծրատիպը, թէ կիներ լաւ օդաչու չեն կրնար ըլլալ:

Նատեժտա Պենկլեան Թիֆլիզ ծնած, մեծցած է, արմատներով ջաւախքահայ է, իսկ անոր ընտանիքին աւելի խոր արմատները կը հասնին Էրզրում: Իր մասնագիտական կրթութիւնը ան ստացած է Վրաստանի մէջ:

2022 թուականի սեպտեմբերին, բարեյաջող անցնելով մասնագիտական վերապատրաստումը Լիթուանիայի մայրաքաղաքը՝ Վիլնիւսի մէջ, համալրած է «ՖլայՈւան Արմենիան»ի կազմը: Ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ կը կարեւորէ հայ լաւագոյն մասնագէտներուն ներկայութիւնը իր կազմին մէջ եւ Նատեժտա Պենկլեանը հրաւիրելը ատոր ապացոյցներէն է: Ընկերութիւնը օդագնացութեան ասպարէզի հայ ուրիշ մասնագէտներ նաեւ վերադարձուցած է Հայաստան եւ այդ առիթով կ՚ըսուի, որ այսուհետեւ «ՖլայՈւան Արմենիա»ի թռիչքները կ՚իրականացնեն հայազգի օդաչուները, օդագնացութեան ընկերութիւնն ալ հայերէնով կ՚ողջունէ ուղեւորները ու բարի թռիչք կը մաղթէ անոնց: Նշենք, որ «ՖլայՈւան Արմենիա»ն մոլտովական ցածրածախք «ՖլայՈւան» օդագնացային ընկերութեան դուստր ձեռնարկութիւնն է՝ հիմնուած 2021 թուականին, Հայաստանի մէջ:

Ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ գործունէութիւնը սկսած է 2021 թուականի դեկտեմբերին՝ Երեւանէն դէպի Լիոն ուղիղ չուերթով: Այսօր արդէն Երեւանէն ուղիղ չուերթներ կ՚իրականացնէ զանազան ուղղութիւններով՝ Փարիզ, Իսթանպուլ, Անթալիա, Թեհրան, Միլանօ, Պէյրութ, Թել-Աւիւ, Մոսկուա, ռուսական այլ քաղաքներ, Տուպայի, Քիեւ եւ եւրոպական ու մերձարեւադարձային այլ երկիրներ: Ընկերութեան օդանաւերու կայանին մէջ կան հինգ «Էյրպիւս» տեսակի օդանաւեր, որոնք կրնան տեղափոխել 150-էն մինչեւ 220 ուղեւոր: «ՖլայՈւան Արմենիա»ն իր ցանկին մէջ նորանոր ուղղութիւններ ընդգրկելու ծրագիրներ կը մշակէ եւ հետաքրքրուած է դէպի նոր երկիրներ ուղիղ չուերթեր իրականացնելու հեռանկարով: Ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան վերջերս յայտարարեց, որ ընկերութիւնը այսօր կը ծածկէ Հայաստանի թերեւս ամենալայն թռիչքային աշխարհագրութիւնը: 2022 թուականին «ՖլայՈւան Արմենիա»ն դարձած է Հայաստանի օդագնացութեան յառաջատարը, քանի որ վիճակագրական տուեալներով, ամենաշատը դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դուրս ուղեւորներ տեղափոխած ընկերութիւնը եղած է: Ներկայ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու արդիւնքին Հայաստանը ո՛չ միայն կէտէ կէտ ճանապարհորդութեան համար նպաստաւոր երկիր է, այլեւ՝ տարանցիկ ուղեւորափոխադրումներու առումով դարձած է նախընտրելի ափ: Շատեր, իբրեւ քչածախս ընկերութիւն, կը նախընտրեն «ՖլայՈւան Արմենիա»ն:

Ընկերութիւնը միշտ կը յայտարարէ նորութիւններու մասին եւ երիտասարդ հայ կին օդաչուն ընկերութիւն հրաւիրելը վերջին նորութիւններէն մին է:

Նատեժտա Պենկլեանի մասին հայկական մամուլին շատ քիչ տեղեկութիւններ յայտնի էին, մինչեւ այն ատեն, երբ վրացական մամուլը հարցազրոյցներ տպագրեց անոր հետ, նշելով, որ հայուհին Վրաստանի առաջին հայ կին օդաչուն է: Վրացական օդագնացային ընկերութիւններուն մէջ կան կիներ, բայց Կովկասի անկախ պետութիւններու պատմութեան մէջ Նատեժտան առաջինն է թէ՛ իբրեւ կին եւ թէ՛ իբրեւ հայ կին օդաչու: Ինք՝ երիտասարդ աղջիկը, պզտիկ տարիքին երազած է մէ՛կ ատամնաբոյժ, մէ՛կ դերասանուհի, մէ՛կ երգչուհի դառնալու մասին, բայց այսօր, փաստօրէն, օդաչու դարձած է: Մամուլը հարցազրոյցներու ընթացքին զարմանալի փաստեր արձանագրած է անոր կեանքէն: Օրինակ, հազաւարոր քիլօկրամներ կշռող օդանաւեր վարող աղջիկը կը վախնայ թիթեռներէ, սարդերէ ու մրջիւներու որոշ տեսակներէ: Ան նաեւ բարձրութենէ կը վախնայ, բայց ո՛չ թէ երկինքի անհուն բարձրութենէն, այլ՝ կը սարսռայ շէնքի մը տանիքէն ներքեւ նայելու ժամանակ:

Կը ներկայացնենք «Սփութնիկ Վրաստան» ռուսալեզու կայքին մէջ Նատեժտա Պենկլեանին հետ տպագրուած հարցազը-րոյցը՝ արեւմտահայերէնի փոխադրուած։

-Նատեժտա, աղջիկները սովորաբար կ՚երազեն հետեւեալ մասնագիտութիւններու մասին՝ դերասանուհի, բեմին վրայ հագուստ ցուցադրող, բժիշկ բայց օդաչո՞ւ… Ինչպէ՞ս ձեր մէջ ծնաւ այդ միտքը:

-Իմ հայրս օդագնացութեան մասնագէտ եղած է: Փոքր տարիքէն օդագնացութեան աշխարհը շրջապատած է զիս, ես նոյնիսկ կը բնակիմ Թիֆլիզի ծայրամասի մէկ աւանը, որ շատ մօտ է օդակայանին: Միշտ կը տեսնէի, թէ ինչպէս օդ կ՚ելլեն օդանաւերը, բայց երբեք օդաչու դառնալու փափաք չունէի, այսինքն օրինակ մը չունէի իմ աչքիս առջեւ:

- Հապա հայրի՞կը։

-Հայրիկս՝ այո՛, բայց ես նկատի ունիմ՝ կին օդաչուի օրինակ մը չկար: Երբ ես մօտաւորապէս 15 տարեկան էի, առաջին անգամ իմ հօրս հետ երկինք բարձրացայ եւ շատ սիրեցի: Նոյն պահուն ալ իմ մօտ միտք ծնաւ՝ իսկ ինչո՞ւ օդաչու չըլլալ: Անշուշտ, այդ ժամանակ ոչ մէկուն ըսի այդ մասին: Եւ այդ իմ մտադրութեանս մասին ծնողքիս յայտնեցի միայն այն ժամանակ, երբ աւարտեցի դպրոցը։ Անոնք թէեւ զարմացան, բայց ըսածս լուրջ չընդունեցին։ Հայրս խորհուրդ տուաւ հրաժարիլ այդ միտքէն։ Իսկ մայրս ըսաւ, որ ինք անդադար կը նայի երկինքին եւ կը սպասէ հօրս վերադարձին ու չ՚ուզեր, որ նոյն ձեւով նաեւ ինծի սպասէ: Հակառակ այդ բոլորին, ես կը շարունակէի պնդել, կը ջանայի համոզել ծնողքս եւ արդիւնքին յաջողեցայ հասնիլ ուզածիս։ Այդպէս ես յայտնուեցայ Վրաստանի Օդագնացութեան համալսարանին մէջ:

-Հաւանաբար լսարանին մէջ դուք միակ աղջիկն էիք եւ ձեզի կը փայփայէին ձեռքերու վրայ:

-Մինչեւ իմ ընդունուիլս դասարանին մէջ աղջիկներ չեն եղած, բայց իմ ընդունուելու տարին մենք արդէն երեք հոգի էինք։ Աղջիկներէն մէկը չկարողացաւ աւարտել ուսումը։ Ամէն տարի մենք առողջութեան զննումներ պէտք է կատարէինք, եւ ան առողջական խնդիրներու պատճառով օդաչու չդարձաւ։ Երկուքս կարողացանք աւարտել Օդագնացութեան համալսարանը։ Պարզապէս ես արդէն կ՚աշխատիմ, իսկ միւս աղջիկը աշխատանքի կը սպասէ: Համալսարանին մէջ ուսանելու տարիներուս մարդիկ երկու խումբի բաժնուեցան։ Մէկ մասին հաճելի էր աղջիկներուն ներկայութիւնը, միւսները թերահաւատօրէն կը նայէին մեզի եւ մեր ընտրութիւնը կը դիտէին իբրեւ անլուրջ քայլ մը: Բայց այդ մէկը անձամբ իմ վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ, քանի որ ես որոշեցի ապացուցել բոլորին, որ կարո՛ղ եմ օդաչու ըլլալու։ Այդ մասնագիտութիւնը տղամարդկային ուժ չի պահանջեր։ Օդանաւորդը պէտք է համակերպող, խելացի ըլլայ, ըլլայ ունակ, արագ կողմնորոշուող եւ իւրացնէ ուսումնական նիւթերը։

-Կրնա՞ք պատմել ձեր առաջին թռիչքին մասին։

-Առաջին թռիչքէն ստացած տպաւորութիւններս անհնար է փոխանցել, անկարելի է համեմատել բանի մը հետ: Ես չէի հաւատար, որ այդ մէկը իսկապէս ես եմ: Միլիոնաւոր տպաւորութիւններ ստացայ եւ աննկարագրելի զգացողութիւններ ունեցայ:

Առաջին թռիչքի ժամանակ ազատութիւն չես զգար։ Առաջին թռիչքը չափէն աւելի յուզական եւ ուրախ վիճակ մըն է: Իսկ արդէն երրորդէն, տասներորդէն յետոյ ազատութեան զգացում կ՚ունենաս, կը սկսիս գիտակցիլ, որ այն, ինչ կը կատարուի, քու որոշակի գործողութիւններուդ արդիւնքն է։ Երբ ուղեւորները կը տեսնեն զիս, որոշ մարդիկ ուշադրութեամբ կը նային, որոշ մարդիկ՝ կը հիանան, որոշներ ուղեկցորդուհիներուն կը հարցնեն իմ մասին, կը հետաքրքրուին՝ արդեօք ան է օդաչո՞ւն, թէ՞ ոչ։ Փափուկ վայրէջքներու ժամանակ ուղեւորները ինծի ծափեր կը նուիրեն, կը ժպտան ինծի: Ես ուղեւորներէն կը ստանամ ջերմութիւն եւ դրական վերաբերմունք, ինչ որ հաճելի է եւ ուժ կու տայ՝ աշխատելու համար։

-Ծանօթ է, որ օդանաւուն սրահին ուղեկցորդուհիները վաղ տարիքին հանգստեան կը կոչուին, իսկ ինչպէ՞ս է օդաչու կիներու պարագային:

-Մեր պարագային օդանաւ վարել կարելի է մինչեւ 65 տարեկան, եթէ առողջութիւնդ կը ներէ։ Ամէն տարի պէտք է առողջապահական քննութիւններ կատարենք՝ թռիչքներու իրականացման համար, որմէ ետք, այսպէս ըսենք, արտօնութիւն կու տան: Կարեւորը առողջ ըլլալն է:

-Երբեք չէ՞ք վախցած թռիչք վարելէ:

-Մինչեւ հիմա կը ջանամ հասկնալ՝ արդեօք վախ կա՞յ թռիչքի ժամանակ։ Բայց նման բան չկայ։ Աւելի շատ մեծ պատասխանատուութիւն եւ պզտիկ լարուածութիւն կը զգամ, բայց այդ մէկը ուշադրութիւնս կեդրոնացնելէն է։ Վախը հոգեբանական պահ է։ Մեր ուսումնառութեան ժամանակ սաւառնորդները «Մարդկային գործօն» անունով դասանիւթը կ՚առնեն, որուն ընթացքին որոշակի հոգեբանական պահեր կ՚ուսումնասիրուին: Մենք սորված ենք, որ արգիլուած է խուճապի մատնուիլ եւ պէտք է հանգիստ կենալ որեւէ իրավիճակի ատեն: Այսինքն այնքան կրթուած, պատրաստուած օդաչու պէտք է ըլլաս, որ յստակ գիտնաս, թէ ի՛նչ պէտք է ընես այս կամ այն պարագային։ Անընդհատ պէտք է աշխատիս անձամբ քու վրայ։

-Ինչպէս կը նկարագրէ՞ք կին օդաչուի մը սովորական օրը։

-Օրինակ՝ երէկ ես երկու թռիչք ունէի։ Մենք թռիչքէն առաջ կը հաւաքուինք օդաչուներու պաշտօնատան մէջ, կ՚ուսումնասիրենք եղանակային առանձնայատկութիւնները, կը վերլուծենք մօտակայ թռիչքը, հրամանատարին հետ կ՚որոշենք, թէ որքա՛ն վառելիք անհրաժեշտ է, ամէն ինչ մանրամասն կը քննարկենք… Այնուհետեւ ես կը բարձրանամ օդանաւ, կը նախապատրաստեմ օդանաւն ու սրահը՝ տուեալ չուերթին համար եւ ճամբայ կ՚ելլենք:

Օդանաւորդին գործը մասնագիտութիւն մըն է, որ պէտք է մարդուն ներսը ըլլայ: Ոմանք կ՚ըսեն, որ ես շատ գեղեցիկ համազգեստ ունիմ եւ լաւ աշխատանք, կը մեկնիմ, կը վերադառնամ եւ այդ է՝ վերջ։ Բայց ամէն ինչ այդքան ալ դիւրին չէ։ Օդագնացութեան ասպարէզ մտնելէ առաջ պէտք է գիտակցիլ, թէ ինչի հետ գործ պիտի ունենաս։

-Ո՞րը աւելի շատ կը սիրէք՝ երկի՞նքը, թէ՞ երկիրը։

-Լաւ հարցում էր։ Ես բնաւ այդ մասին չեմ մտածած։ Գիտէ՞ք՝ երկինքը երազային է, գեղեցկութիւն է, անկարելի է զայն չսիրել: Երկինքին մէջ եղած ժամանակ ես ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ, կը հասկնամ, որ հոն եմ, ուր որ պէտք է ըլլամ։

Երբ ես տեսական գիտելիքներ կ՚ուսումնասիրէի համալսարանը, ամէն ինչ լաւ էր, ամէն ինչ դիւրին կը սորվէի, բայց կը մտածէի, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի զգամ, երբ մեծ օդանաւ առնեմ ձեռքս: Կը խորհէի՝ արդեօք կը վախնա՞մ, ամէնքս ալ մարդ ենք եւ նախապէս չենք գիտնար, թէ ո՛ր պահուն ի՛նչ կը զգանք։ Եւ երբ կատարեցի առաջին, երկրորդ, երրորդ չուերթը, համոզուեցայ, որ ճիշդ ընտրութիւն ըրած եմ։ Զուր չեմ պայքարած եւ զուր չեմ անցած բոլոր այդ դժուարութիւններուն միջով։ Կ՚արժէր։

-Իսկ ինչպիսի՞ն է երկինքը օդաչուի աչքերով։

-Երկինքը ազատութիւն է, խորութիւն եւ անկախութիւն:

-Այսպիսի ոչ-կնոջական մասնագիտութիւնը որքանո՞վ կրնայ խոչընդոտ ըլլալ անձնական կեանքին։

-Ես կը կարծեմ, որ օդաչու ըլլալ չի նշանակեր տղամարդ ըլլալ։ Անգամ մը իմ գործընկերներս ինծի ըսած են, որ ես կանացի եմ, բայց երբ օդաչուներու խցիկին մէջ եմ՝ կը միացնեմ շարժիչները եւ բոլորովին ուրիշ մարդ մը կը դառնամ:

Կը կարծեմ, որ մէկը միւսը չի խանգարեր, պարզապէս պէտք է ճիշդ մօտեցում գտնել եւ պատշաճ դրսեւորուիլ ստոյգ իրավիճակներու մէջ: Օդանաւ վարելու ժամանակ պէտք է այդ դերին մէջ ըլլալ, իսկ աշխատանքէն ետք ոչ ոք եւ ոչինչ կը խանգարէ քեզ կին ըլլալուդ համար։ Ես զիս շատ ճկուն կը զգամ, կարող եմ ըլլալ շատ իգական, իսկ երբ պէտք է ըլլալ յամառ եւ ուժեղ՝ ապա կրնամ բնաւորութիւն փոխել:

-Օդաչուի մասնագիտութիւնը փոխա՞ծ է ձեզ:

-Ես ահաւոր քնկոտ էի: Ատիկա իմ մեծ խնդիրս էր: Հիմա ես կարող եմ հանգիստ արթննալ առտու ժամը հինգին։ Սէրը մասնագիտութեան հանդէպ կրնայ մեծապէս փոխել մարդը։ Ես դարձած եմ աւելի կարգապահ, ճշդապահ, ուշադիր։

-Հայրդ ազդա՞ծ է քու վրայ:

-Ամէն պարագայի, այո՛, ազդած է: Ան երբեք զիս չէ գոված: Բայց ուրիշներ ինծի ըսած են, որ ան շատ հպարտ է իմ յաջողութիւններով։ Երբ ես սկսայ օդաչու աշխատիլ, ան արդէն ողջ չէր: Շատ կը ցաւիմ, որ ինք չտեսաւ, թէ ես ինչպէս կը դրսեւորուիմ իմ մասնագիտութեանս մէջ։ Բայց ես հաստատ գիտեմ, որ ան կը հպարտանայ ինձմով:







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+