​«Երեւանի Կողմէ Մեր Տարածքային Ամբողջականութեան Ճանաչումէն Ետք Գործնականին Մէջ Լուրջ Խոչընդոտներ Չկա - Հայերէն
16 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մանի / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

30 Mayıs 2023  

​«Երեւանի Կողմէ Մեր Տարածքային Ամբողջականութեան Ճանաչումէն Ետք Գործնականին Մէջ Լուրջ Խոչընդոտներ Չկա -

​«Երեւանի Կողմէ Մեր Տարածքային Ամբողջականութեան Ճանաչումէն Ետք Գործնականին Մէջ Լուրջ Խոչընդոտներ Չկա ​«Երեւանի Կողմէ Մեր Տարածքային Ամբողջականութեան Ճանաչումէն Ետք Գործնականին Մէջ Լուրջ Խոչընդոտներ Չկան. Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կրնայ Յառաջիկային Կնքուիլ», Կ’ը?

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ յառաջիկային կնքուիլ։ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

«Երեւանի կողմէ մեր տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումէն ետք, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար գործնականին մէջ լուրջ խոչընդոտներ չկան», նշած է Ալիեւ։

Ազրպէյճանի նախագահը բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջան այցելութեան ընթացքին ըսած է, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք է ենթարկուի Ազրպէյճանի օրէնքներուն։ «Ձեր գիրքը փակուած է, «Միացում»-ի գիրքը փակուած է, անջատողականութեան վերջը եկած է, անկախութեան երազանքները, ինչպէս կարգավիճակը, ի չիք դարձած են», ըսած է Ալիեւ։

Անոր խօսքով՝ արցախահայութեան համար մնացած միակ ուղին «Ազրպէյճանի օրէնքներուն ենթարկուիլն է, Ազրպէյճանին հաւատարիմ, բնական քաղաքացի դառնալը, «պետական ստորոգելիները» աղբանոցը նետելը եւ խորհրդարանը լուծարելը»։

«Մենք կը հաւատանք, որ իրենք պիտի հասկնան, պիտի գան ու քայլ պիտի կատարեն, որ Ազրպէյճանի դրօշի տակ ապրիլ։ Մենք կը սպասենք ասոր։ Ուստի մենք այլ քայլ չենք ըներ, եւ կը կարծեմ, որ վերջին 2,5 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պէտք է արթնցնեն զանոնք, արթնցնեն երազանքներէն», ըսած է Ալիեւ։





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+