Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ Համակարգող Տնօրէն Մը Պիտի Գործէ - Հայերէն
20 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Արագած / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

10 Mayıs 2024  

Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ Համակարգող Տնօրէն Մը Պիտի Գործէ -

Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ Համակարգող Տնօրէն Մը Պիտի Գործէ Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ Համակարգող Տնօրէն Մը Պիտի Գործէ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ յառաջիկայ տարի տնօրէնի փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Ատենապետ Ռաֆֆի Ալիքի կողմէ գլխաւորուած վանատան ու վարժարանի նորընտիր մատակարար մարմինը վերջին շրջանին որոշած է վերակազմակերպել հաստատութեան ներքին վարչամեքենան։ Այսպէս, մատակարար մարմինը որոշած է համակարգող տնօրէնի պաշտօնին կոչել Սուրբ Խաչ դպրեվանքի նախկին տնօրէն Արմէն Սարուխանեանը, որ Մխիթարեանի նախկին սաներէն է։ Այդ համակարգող տնօրէնի պաշտօնը յստակօրէն նախատեսուած է՝ մասնաւոր վարժարաններու կանոնադրութեան մէջ։ Դպրոցի այժմու տնօրէնները այս փուլին համամիտ չեն գտնուած մատակարար մարմնի որդեգրած մօտեցումին՝ պատճառաբանելով, որ նպատակայարմար չեն համարեր այդպիսի կարգավիճակով աշխատիլը։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանին եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեանին մատակարար մարմնին կողմէ բանաւոր տեղեկացուած է, որ յառաջիկայ տարի նոր տնօրէններ պաշտօնի պիտի կոչուին՝ ստեղծուած տարակարծութեան մթնոլորտին մէջ։ Նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըն ալ այս կացութեան դէմ յանդիման յայտնած է, որ ինք եւս յարմար կը նկատէ պաշտօնավարութիւնը բաւ համարել։

Այս բոլորը թէեւ բանաւոր խօսակցութիւններու մթնոլորտին մէջ եղած են եւ մատակարար մարմնին կողմէ տակաւին որեւէ պաշտօնական զեկուցում չէ ուղարկուած ենթականերուն։ Յամենայնդէպս, տնօրէններու փոփոխութեան պարագան առցանց միջավայրի մէջ արձագանգ գտած է կայծակնային արագութեամբ։ Ուստի, մատակարար մարմնի աղբիւրները երէկ մեզի տեղեակ պահեցին, թէ իրադարձութիւնները կ՚ընթանան այս փուլին մէջ։ Դպրոցի ծնողներու մտքին մէջ որեւէ կասկածի կամ տարակուսանքի յառաջանալը կանխելու նպատակով ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ փոխ-ատենապետուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր այսօր կը մէկտեղուին ծնողաց միութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Կը տեղեկանանք, որ համակարգող տնօրէնի թեկնածուի պաշտօնի վաւերացման համար մատակարար մարմինը շուրջ երկուքուկէս ամիս առաջ դիմում ներկայացուցած է պատկան իշխանութիւններուն, որոնց հաւանութեան կը սպասուի ներկայիս։

Մինչ այդ, մատակարար մարմնի աղբիւրները մեզի յայտնեցին նաեւ, որ նոր տնօրէնի թեկնածուները տակաւին յայտնի չեն, սակայն յառաջիկային կը նախատեսեն նշանակել ոչ թէ երեք, այլ երկու տնօրէն՝ մին լիսէի, իսկ միւսը միջնակարգի եւ նախակրթարանի համար։Ուրբաթ, Մայիս 10,




Bu haber Jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+