​Պապընտիր նախապատրաստական միաբանական ժողովի կարդինալներու կոչը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար - Հայերէն
08 Mayıs 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Մարերի / Օր : Միհր / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

07 Mayıs 2025  

​Պապընտիր նախապատրաստական միաբանական ժողովի կարդինալներու կոչը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար -

​Պապընտիր նախապատրաստական միաբանական ժողովի կարդինալներու կոչը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար ​Պապընտիր նախապատրաստական միաբանական ժողովի կարդինալներու կոչը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար

Երեքշաբթի, 6 մայիսին, Պապընտիր Կարդինալական նախապատրաստական միաբանական ժողովին սկիզբը՝ ժողովին մասնակցող կարդինալները հանդէս եկան յայտարարութեամբ, որուն մէջ կոչ ըրին պատերազմի մէջժներգրաւուած բոլոր կողմերուն՝ հանգելու մշտական հրադադարի ու առանց նախապայմաններու սկսելու բանակցութիւնները։ Անոնք ապա հրաւիրեցին հաւատացեալները զօրացնելու իրենց աղօթքը, յարատեւ եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար։

Կարդինալներուն յայտարարութեան մէջ կը կարդանք

«Մենք՝ Հռոմէական Սուրբ եկեղեցւոյ կարդինալները հաւաքուած ընդհանուր ժողովին՝ Քոնկլավի մեկնարկէն առաջ, ցաւով նկատի առնելով որ Ուքրանիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ խաղաղութեան գործընթացներուն խթանման գործէն ներս առաջընթաց չէ արձանագրուած , ընդհակառակը սաստկացած են յարձակումները՝ յատկապէս քաղաքացիական բնակչութեան դէմ, սրտանց կոչ կ՝ուղղենք բոլոր կողմերուն, որպէսզի շուտով հասնի յարատեւ հրադադար մը եւ բանակցութիւն կատարուի առանց նախապայմաններու եւ յետագայ ուշացումներուն, ներգրաւուած բնակչութեան եւ աշխարհի կողմէ երկար ժամանակ ցանկալի խաղաղութեան համար։

Կը հրաւիրենք հաւատացեալները զօրացնելու իրենց աղօթքը Տիրոջ, արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան համար» նշուած է Կարդինալներուն յայտարարութեան մէջ։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+