Քահանայապետական պահակագունդը կ՝ոգեկոչէ 147 պահակներու յիշատակը, որոնք զոհուեցան Կեղեմէս Պապը պաշտպան -
Քահանայապետական պահակագունդը կ՝ոգեկոչէ 147 պահակներու յիշատակը, որոնք զոհուեցան Կեղեմէս Պապը պաշտպանելու համար
Ամէն տարի 6 մայիսին, Վատիկանի մէջ կ՝ոգեկոչուի, 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի պատերազմի ընթացքին Զուիցերացի 147 պահակներու յիշատակը, որոնք զոհուեցան Կղէմէս Է Պապը պաշտապանելու համար։
Վատիկանը` աշխարհի ամենափոքր պետութիւնն է՝ սակայն ունի աշխարհի ամենահին բանակներէն մին` Զուիցերական պահակագունդը, որուն պարտականութիւնն է երաշխաւորել Սրբազան Քահանայապետին անմիջական պաշտպանութիւնը։
Քահանայապետի ծառայութեան տակ փոքրիկ բանակը
21 յունիս 1505ին Յուլիանոս Բ Քահանայապետը Զուիցերիայի պետութենէն խնդրած է պահակագունդ մը իր անձնական պաշտպանութեան համար։ 22 յունուար 1506ին Յուլիանոս Բ Քահանայապետը ս. Պետրոս հրապարակի վրայ օրհնեց զուիցերական պահակագունդը։ Սոյն թուականը` 22 յունուարը, նկատուած է զուիցերական պահակագունդի հիմնարկութեան թուական։
Ամէն տարի վեց մայիսին, կ՝ոգեկոչուի 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի պատերազմի ընթացքին Զուիցերացի 147 պահակներու յիշատակը, որոնք հերոսաբար զոհուեցան Կղէմէս Է Պապը պաշտապանելու համար, Հռոմի պատերազմի ժամանակ։
Այս տարի ոգեկոչման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ, երեքշաբթի, 6 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11-ին, քահանայապետական պահակագունդի զօրանոցին հրապարակին վրայ։ Արարողութեան սկզիբը ծաղեկպսակ կը դրուի զոհուածներուն արձաին դիմաց ապա խօսք կ՝առնէ պահակագունդի հրամանատար, Քրիսթոֆ Կրաֆը։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com