Անիի Մայր Տաճարը Կը Վերանորոգուի -
Անիի Մայր Տաճարը Կը Վերանորոգուի
Պատմական տաճարը պիտի գործէ որպէս մզկիթ
Տեղական լրատու աղբիւրները, որոնց կարգին է Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդեն թէ ներկայիս վերանորոգութիւն կ'ընթանայ Անիի մայր տաճարէն ներս։ Ինչպէս ծանօթ է, Անիի հնագիտական վայրը առնուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։ «Անատոլու»ի համաձայն, վերանորոգումէն յետոյ Անիի Մայր տաճարը պիտի գործէ իբրեւ մզկիթ։
Լուրերուն մէջ բացարձակապէս չի նշուիր, որ միջնադարեան այդ քաղաքն ու եկեղեցին հայկական են։ Տաճարը կը ներկայացուի իբրեւ Ֆեթհիէ մզկիթ։ Միակ «հայկականութիւն»ը սա է. կ'ըսուի որ տաճարի ճարտարապետը Տրդատն է։
Անիի հնագիտական վայրի պեղումներու ղեկավար Մուհամմետ Արսլան, խօսելով Տրդատ ճարտարապետի մասին, հետեւեալը կը պատմէ. «Մենք Տրդատը կը ճանչնանք նաեւ իբրեւ ճարտարապետ, որ վերանորոգած է Այա Սոֆիա մզկիթի գմբէթը։ Տրդատ Անիէն հրաւիրուած է Իսթանպուլ, վերանորոգած է Այա Սոֆիայի գմբէթը, ապա վերադարձած Անի եւ աւարտին հասցուցած այս կառոյցը»։
Արսլան նաեւ տեղեկութիւններ կուտայ Անիի տաճարի վերանորոգութեան մասին, յայտնելով որ Անիի Մայր տաճարի վերանորոգումը կ'ընթանայ 3 փուլով՝ Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ու Համաշխարհային յուշարձաններու հիմնադրամի համագործակցութեամբ։ Այս տարի կը նախատեսուի աւարտել 2-րդ փուլի աշխատանքը։
Յիշեցնենք որ Անիի աւերակներու հնագիտական վայրը տարածուած է 100 արտավար հողակտորի վրայ։ Հոն կը գտնուին նաեւ Ամենափրկիչ եկեղեցին, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին եւ Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցին։ Անիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կամ Մայր տաճարը կառուցուած է 10-րդ դարուն։ Շինարարութիւնը սկսած է հայոց թագաւոր Սմբատ 2-րդ Բագրատունի 989 թուականին, իսկ աւարտած է հայոց Կատրամիտէ թագուհին 1001 թուականին։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com