Լեւոն Պապ. «Որոշեցի յառաջիկայ օրերուն վիրահատուիլ՝ թոքիս վրայ գտնուող հանգոյցի մը պատճառով - Հայերէն
12 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Անի / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

12 Ekim 2026  

Լեւոն Պապ. «Որոշեցի յառաջիկայ օրերուն վիրահատուիլ՝ թոքիս վրայ գտնուող հանգոյցի մը պատճառով -

Լեւոն Պապ. «Որոշեցի յառաջիկայ օրերուն վիրահատուիլ՝ թոքիս վրայ գտնուող հանգոյցի մը պատճառով Լեւոն Պապ. «Որոշեցի յառաջիկայ օրերուն վիրահատուիլ՝ թոքիս վրայ գտնուող հանգոյցի մը պատճառով

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը յայտարարեց թէ մօտ օրէն վիրահատութեան պիտի ենթարկուի ի տես վերջերս ստուգումներու բերումով յայտնաբերուած «թոքերու սահմանափակ ուռուցքային հանգոյցի մը» որ «շատ նախնական փուլի մէջ է»։ Միջամտութիւնը արդեն ծրագրուած է յառաջիկայ օրերուն։ Գործողութիւնը տեղի պիտի ունենայ առաջիկայ օրերուն՝ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ (Policlinico Gemelli)։

Կիրակի 11 Հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը, Լեւոն ԺԴ. Պապը յայտարարեց թէ մօտ օրէն վիրահատութեան պիտի ենթարկուի, ի տես վերջերս ստուգումներու բերումով յայտնաբերուած «թոքերու սահմանափակ ուռուցքային հանգոյցի մը» որ «շատ նախնական եւ լաւ տեղայնացուած փուլի մէջ է»։

«Բժիշկները նպատակայարմար կը նկատեն միջամտել։ Եւ ուրեմն, հետեւելով անոնց խորհուրդին, որոշեցի վիրահատուիլ՝ զայն հեռացնելու համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով նաեւ թէ «Միջամտութիւնը արդէն ծրագրուած է յառաջիկայ օրերուն» ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին «հոգեւոր մօտիկութեան համար» եւ ինքզինք յանձնելով հաւատացեալներու աղօթքներուն»։

Ի պատասխան լրագրողներու հարցումներուն՝ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին ճշդեց, որ «վիրահատութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբթուան առաջին օրերուն, իսկ յետվիրահատական հիւանդանոցային մնալու նախատեսուած ժամանակամիջոցը մօտաւորապէս մէկ շաբաթ է»։








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+