Լեւոն Պապը ապաքինման շրջանը կը շարունակէ Վատիկանի մէջ -
Լեւոն Պապը ապաքինման շրջանը կը շարունակէ Վատիկանի մէջ
Ան չորեքշաբթի օր պիտի գլխաւորէ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ շաբաթ՝ 17 հոկտեմբեր 2026-ին դուրս ելաւ հիւանդանոցէն, ուր ենթարկուած էր թոքի ատենոքարսինոմայի հեռացման վիրահատութեան, իր ապաքինման ընթացքը կը շարունակէ Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ եւ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պիտի գլխաւորէ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռոյ Մամլոյ Գրասենեակը։
Նորին Սրբութիւնը երէկ՝ կիրակի օր, գլխաւորեց նաեւ Մարեմեան Աղօթքը, որուն ընթացքին ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել բժշկական անձնակազմին ու բոլոր անոնց, որոնք աղօթքով եւ սիրով իրենց մօտիկութիւնը յայտնեցին՝ աւելցնելով, թէ յաջորդող օրերուն ինք աստիճանաբար պիտի վերսկսի իր գործունէութիւնները։
Լեւոն Պապը, որ սովորաբար երկուշաբթի օրերը կը փոխադրուէր Քասթել Կանտոլֆոյի իր բնակարանը, առայժմ պիտի մնայ Վատիկան՝ շարունակելու ապաքինման շրջանը, որ, ինչպէս վատիկանեան լրատուամիջոցներուն յայտնած է զինք վիրահատած վիրաբոյժ Սթեֆանո Մարկարիթորան, կրնայ տեւել տասը օրուան մօտ։
Յառաջիկայ ժամերուն Սուրբ Աթոռոյ Մամլոյ Գրասենեակը կրնայ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել Լեւոն ԺԴ.-ի ապաքինման ընթացքի եւ նախատեսուած յայտագիրներուն շուրջ։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com