ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ -
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Յառաջիկային Ազգային ժողովի նստաշրջանի օրակարգին մէջ պիտի ընդգրկուի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի (ԹՐԻՓՓ) վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին» նախագիծը:
Անիկա նախ պիտի քննարկուի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ` այս չորեքշաբթի: Ազգային ժողովի հերթական նիստերը պիտի սկսին յաջորդ երեքշաբթի` 27 հոկտեմբերին:
Աւելի կանուխ կառավարութիւնը հաստատած էր համաձայնագիրն ու ուղարկած Սահմանադրական դատարան, որ իր կարգին քանի մը ժամ քննելով որոշեց, որ փաստաթուղթը հակասութիւններ չունի Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ:
Այս համաձայնագիրով Երեւանն ու Ուաշինկթընը կը նախատեսեն ԹՐԻՓՓ զարգացման միացեալ ձեռնարկութիւն ստեղծել, ուր Միացեալ Նահանգներու մասնաբաժինը առաջին 49 տարուան ընթացքին 74, Հայաստանինը` 26 տոկոս պիտի ըլլայ: Եթէ համագործակցութիւնը եւս 50 տարիով երկարաձգեն, Հայաստանի բաժնեմասը պիտի աւելնայ մինչեւ 49 տոկոս:
Սիւնիքով անցնող ԹՐԻՓՓ-ով Ազրպէյճանի հիմնական տարածքէն դէպի Նախիջեւան տարանցումը, ըստ համաձայնութիւններու, անխոչընդոտ պիտի ըլլայ` թուային գործիքներու ներդրումով: Երեւանն ու Ուաշինկթընը պարբերաբար կը շեշտեն, որ Հայաստան պիտի պահպանէ լիակատար իրաւազօրութիւնը իր ինքնիշխան տարածքին մէջ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com