Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները - Հայերէն
05 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վահագն / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

22 Ekim 2026  

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները -

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան չհերքեց Տաւուշի մէջ ազրպէյճանցի հովիւի մը յայտնուելուն մասին տեղեկութիւնները:

«Իրենց կողմէ ալ կրնան մոլորիլ, մեր կողմէ ալ: Նման բաներէ խուսափիլ կարելի չէ: Վայ այն քաղաքական ուժին, որ կը մտածէ, որ իր անվտանգութեան սպառնալիքը մոլորած հովիւն է», երէկ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց Միրզոյեան:

Երէկ աւելի կանուխ «5-րդ ալիք»-ը գրած էր, թէ ազրպէյճանցի հովիւ մը հատած է Հայաստանի սահմանը, զայն յայտնաբերած են, եւ ան այժմ Բերդ քաղաքի ռազմական ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ կը գտնուի:

Պետական իրաւասու կառոյցները` Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարզաբանում չեն տուած դէպքին մասին, բայց նաեւ ժամեր շարունակ չեն հերքած տեղեկութիւնը:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+