Հայաստան Հարաւային Կովկասի Ամէնէն Խաղաղ Երկիրը - Հայերէն
05 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վահագն / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

24 Ekim 2026  

Հայաստան Հարաւային Կովկասի Ամէնէն Խաղաղ Երկիրը -

Հայաստան Հարաւային Կովկասի Ամէնէն Խաղաղ Երկիրը Հայաստան Հարաւային Կովկասի Ամէնէն Խաղաղ Երկիրը

Հայաստան Հարաւային Կովկասի ամէնէն խաղաղ երկիրը կը նկատուի՝ համաձայն 2026 թուականի Խաղաղութեան համաշխարհային ցուցանիշին, որ հրապարակուած է Տնտեսութեան եւ Խաղաղութեան Հիմնարկին կողմէ։ Միջազգային այս ուսումնասիրութիւնը, որ կը գնահատէ աշխարհի 163 երկիրներու խաղաղութեան եւ ապահովութեան մակարդակը, Հայաստանը կը դասէ 51-րդ դիրքին վրայ՝ զգալիօրէն առաջ անցնելով իր երկու հարեւաններէն՝ Վրաստանէն եւ Ատրպէյճանէն։

Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստան ստացած է 1.825 միաւոր, մինչդեռ Վրաստան 2.066 միաւորով կը գրաւէ 94-րդ, իսկ Ատրպէյճան 2.142 միաւորով՝ 110-րդ դիրքը։ Այսպէս, Հայաստան համաշխարհային դասաւորման մէջ Վրաստանէն 43, իսկ Ատրպէյճանէն 59 դիրք առջեւ կը գտնուի։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ նախորդ տարուան բաղդատմամբ Հայաստան 7 դիրքով բարձրացած է միջազգային դասաւորման մէջ, իսկ խաղաղութեան մակարդակին վերաբերող իր ընդհանուր գնահատականը բարելաւուած է չորս առ հարիւրով։

Խաղաղութեան համաշխարհային ցուցանիշը կը կազմուի 23 տարբեր չափանիշներու հիման վրայ՝ նկատի ունենալով հանրային ապահովութիւնը, ներքին եւ արտաքին հակամարտութիւնները, քաղաքական կայունութեան առնչուող գործօնները եւ զինուորականացման աստիճանը։ Գնահատման այս համակարգին մէջ որքան ցած է երկրի ստացած միաւորը, այնքան աւելի խաղաղ կը նկատուի ան։

Ուսումնասիրութեան հեղինակները Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացը կը կապեն մասնաւորաբար հանրային ապահովութեան պայմաններու բարելաւման եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ առնուած քայլերուն հետ։

Այս դասաւորումը առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ Հարաւային Կովկասի նման տարածքաշրջանի մը համար, ուր վերջին տարիներուն պատերազմներն ու քաղաքական լարուածութիւնները շարունակաբար իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են երկիրներու անվտանգութեան վրայ։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+