Լեւոն ԺԴ. Պապը կը զօրացնէ Սուրբ Աթոռի աշխատակիցներուն իրաւական պաշտպանութեան երաշխիքները -
Լեւոն ԺԴ. Պապը կը զօրացնէ Սուրբ Աթոռի աշխատակիցներուն իրաւական պաշտպանութեան երաշխիքները
Լեւոն ԺԴ. Պապը հաստատած է Հռոմէական Քուրիոյ անձնակազմի կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ՝ ամրապնդելու համար Սուրբ Աթոռի աշխատակիցներուն իրաւական պաշտպանութիւնը կարգապահական վարոյթներու ընթացքին։
Լեւոն ԺԴ. Պապ, 19 Հոկտեմբեր 2026-ի որոշումով, հաստատած է Հռոմէական Քուրիոյ անձնակազմի կանոնակարգին մէջ շարք մը փոփոխութիւններ, որոնք կը նպատակադրեն ամրապնդել աշխատակիցներուն իրաւական պաշտպանութիւնը կարգապահական վարոյթներու ընթացքին։
Նոր կարգաւորումներով կը յստակեցուին պաշտօնէութենէն ժամանակաւոր հեռացման պատիժը կիրառելու իրաւասութիւնները։ Մինչեւ 30 օր տեւող հեռացումը կը վերապահուի հաստատութեան ղեկավարին, իսկ 31 օրէն մինչեւ երեք ամիս տեւող պատիժը՝ Հռոմէական Քուրիոյ Կարգապահական յանձնաժողովին։
Կարեւոր փոփոխութիւն մը կը վերաբերի նաեւ աշխատակիցներուն պաշտպանութեան իրաւունքին։ Անոնք այժմ պիտի ունենան 15 օր՝ իրենց արդարացումները ներկայացնելու համար՝ նախկին 10 օրուան փոխարէն, ինչպէս նաեւ պիտի կարենան օգտուիլ Սուրբ Աթոռի կամ Հռոմէական Քուրիոյ փաստաբաններու աջակցութենէն։
Այս փոփոխութիւնները կը միտին ապահովել աւելի յստակ եւ հաւասարակշռուած կարգապահական ընթացակարգեր՝ վերահաստատելով մարդկային անձին արժանապատուութեան եւ աշխատակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։ Այս մօտեցումը կը համահունչի նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Magnifica Humanitas հանրագիտակին մէջ արտայայտուած սկզբունքներուն, որոնք կեդրոնական տեղ կը յատկացնեն իւրաքանչիւր մարդու անօտարելի արժանապատուութեան։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com