Հայ Խոհարար Մը Միջազգային Մրցումի Մը Ընթացքին Կը Ներկայացնէ Հայկական Խոհանոցը -
Հայ Խոհարար Մը Միջազգային Մրցումի Մը Ընթացքին Կը Ներկայացնէ Հայկական Խոհանոցը
Գանատայի «Թօփ Շէֆ Գանատա» խոհարարական հանրածանօթ մրցումի 13-րդ շրջանին մասնակիցներուն շարքին է 32-ամեայ հայ խոհարար Սեպուհ Յակոբեան։ Ան իր պատրաստած ճաշատեսակներով կը ձգտի միջազգային հանրութեան ծանօթացնել հայկական խոհանոցի հարուստ աւանդութիւնները։
Յակոբեան գլխաւոր խոհարարն է Թորոնթոյի «Թալին» ճաշարանի, որ «Միշլէն» աստղի արժանացած է։ Ան իր եղբայրներուն՝ Սարոյի եւ Սերուժի հետ հիմնած է ճաշարանը՝ իրենց մօր յիշատակին։ Ճաշացուցակին մէջ կարեւոր տեղ ունին մօրմէն ժառանգուած ընտանեկան բաղադրատոմսերը, որոնք հայկական խոհարարական աւանդութիւնները կը ներկայացնեն արդիական մատուցումով։
Հայ խոհարարը կը պատմէ, թէ մրցումի ընթացքին ներշնչում կը ստանայ հայկական քայլերգներէն։ Իր գլխաւոր նպատակը, ինչպէս ինք կը յայտնէ, «մայրս եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը հպարտացնելն է»։
Մրցումի յառաջիկայ հանգրուանին մասնակիցները պիտի փորձեն բարձրորակ ճաշատեսակ մը պատրաստել՝ բաղադրիչներու համար ունենալով ընդամէնը եօթը տոլարի պիւտճէ
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com