Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

13 Kasım 2026  

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն -

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդին` Պիլալ Էրտողանը երէկ առաւօտեան հասաւ Պէյրութ եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մուրաթ Լիւթեմի հետ Պաապտայի պալատ այցելելով հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ իր յարաբերութիւններուն Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ, որուն հետ պատմական, մարդկային եւ մշակութային խոր կապեր ունի:

«Մենք անհամբեր կը սպասենք քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային մակարդակներու վրայ այս յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման, ինչ որ կը ծառայէ լիբանանցի եւ թուրք ժողովուրդներու շահերուն, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ իրենց միջեւ բարեկամութեան եւ գործակցութեան կապերը», ըսաւ ան:

«Լիբանան անհամբեր կը սպասէ թուրք-լիբանանեան յարաբերութիւններուն մէջ գործակցութեան ու գործընկերութեան նոր փուլին, մասնաւորաբար ներդրումներու, վերաշինութեան, առեւտուրի, զբօսաշրջութեան եւ ենթակառոյցներու ոլորտին մէջ», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը` բարձր գնահատելով «այն դերակատարութիւնը, որ Թուրքիան կրնայ կատարել Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան աջակցութեան մէջ, մեկնելով հասարակաց մարտահրաւէրներու դիմակայման մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան եւ համակարգումի կարեւորութենէն»:

Աուն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին իր տրամադրած աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ նշեց. «Լիբանանը նախանձախնդիր է անոր հետ աշխատելու` ամրապնդելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ իրենց շահերու փոխադարձ յարգանքի ծիրին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան աւելի լայն հորիզոններ բանալու»:

Պիլալ Էրտողան յայտնեց, որ ուրախ է այցելելով Լիբանան` գնահատելով «անոր ներկայացուցած քաղաքակրթական, մշակութային ու մտաւորական արժէքը» եւ ընդգծելով լիբանանեան կրթական, համալսարանական ու մշակութային հաստատութիւններուն հետ գործակցելու փափաքը:

Պիլալ Էրտողան շեշտեց, որ իր երկիրը «կը զօրակցի իր բոլոր հողերուն վրայ եւ իր սեփական ուժերով պետութեան գերիշխանութիւնը տարածելու նպատակով լիբանանեան իշխանութիւններուն կատարածին»:

Պիլալ Էրտողան ապա այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի եւ Պէյրութի յոյն ուղղափառներու առաջնորդ Էլիաս արք. Աուտէի, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Լիբանան կ՛այցելենք` գալով Թուրքիայէն, իբրեւ բարեկամութեան եւ գնահատանքի ժեստ` հիմնուած մեր երկու երկիրները միաւորող ընդհանուր պատմութեան ու մշակոյթի, ինչպէս նաեւ թուրք եւ լիբանանցի ժողովուրդները իրարու կապող բարի դրացիական, եղբայրական եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն վրայ»:

«Այս այցելութեան ընթացքին մենք հանդիպեցանք շարք մը ականաւոր անձնաւորութիւններու եւ պաշտօնատարներու հետ, որոնց շարքին` նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտիւլլաթիֆ Տրիանի հետ, իսկ հիմա կը գտնուինք Աուտէ արքեպիսկոպոսի նստավայրը:

«Մեր քննարկումները կեդրոնացած էին Լիբանանի ապագային, երկրին եւ ամբողջ շրջանին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն դերին վրայ, որ Թուրքիան` իբրեւ դրացի ու բարեկամ երկիր, կրնայ խաղալ իբրեւ բարիքի, կայունութեան եւ Լիբանանի աջակցութեան ուժ: Մենք նաեւ անդրադարձանք կրթութեան` կարեւորագոյն ապագայի կերտման գործին մէջ, մասնաւորաբար մեր երեխաներու եւ իրերայաջորդ սերունդներու ապագայի, եւ անոնց աւելի լաւ ապագայ ապահովելու անհրաժեշտութեան` հեռու այն ճգնաժամերէն, խառնաշփոթէն եւ մարտահրաւէրներէն, որոնց մենք այսօր ականատես կ՛ըլլանք», նշեց ան:

«Մենք նաեւ ընդգծեցինք լիբանանցի ժողովուրդի համախմբման եւ միաւորման կարեւորութիւնը` իրենց երկրի ապագան որոշելու պատասխանատուութեան շուրջ, ազատ արտաքին միջամտութիւններէն, որոնք յաճախ կը կատարուին եսասիրական շահերով, եւ ապահովելու, որ Լիբանանի ապագային վերաբերեալ որոշումը բխի իր սեփական ժողովուրդի կամքէն: Ես յոյս ունիմ եւ կ՛աղօթեմ, որ Լիբանանի ժողովուրդը կը կարենայ միախմբուիլ, ձեռք-ձեռքի տալ եւ միաւորուիլ որոշելու այս մեծ հայրենիքի ճակատագիրը` անոր մշակոյթներու, համայնքներու եւ աւանդութիւններու իւրայատուկ խճանկարով, ինչպէս նաեւ բազմազանութեան եւ համակեցութեան հարուստ բնորդով», յայտնեց Էրտողան:

«Կ՛ուզէի ընդգծել, ինչպէս Աուտէ արքեպիսկոպոսին հետ մեր հանդիպման ժամանակ նշեցի, որ Թուրքիան միշտ պիտի կանգնի Լիբանանի կողքին, պիտի շարունակէ ձգտիլ ըլլալ բարիքի ուժ եւ խաղալ դրական ու կառուցողական դեր այս բարեկամ երկրին եւ անոր դրացիներուն աջակցելու գործին մէջ», եզրափակեց Թուրքիոյ նախագահի որդին:

Աուտէ արքեպիսկոսպոսը իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանի ժողովուրդը թուրք ժողովուրդին մօտիկ է, եւ Թուրքիան իր բազմազանութեամբ եւ տարբեր համայնքներու ներդաշնակ համակեցութեամբ Լիբանանին կը նմանի»:

«Լիբանանը ախորժակներու եւ շահերու տէրերէն բացի թշնամիներ չունի, մինչ իսկական ներդրումը պէտք է ըլլայ լիբանանցիներու միասնականութեան մէջ եւ տարբեր կարծիքները միաւորելով, փոխան պառակտման` ընդգծելով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Մեկնելով ասկէ` անհրաժեշտ է վերջ դնել օտար շահերուն եւ պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը ձգտին իրենց շահերուն հասնիլ Լիբանանի շահերուն հաշուոյն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է սերունդները դաստիարակել իրական քաղաքացիութեամբ եւ հայրենիքի շահը որեւէ այլ շահէ վեր դասել», ըսաւ ան:

Պիլալ Էրտողան աւելի ուշ այցելեց Պէյթ Ուասաթ, ուր հանդիպում ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի փոխնախագահ Պահիա Հարիրին հետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+