ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԱՄՊԱՐԻԶՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ - Հայերէն
23 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

05 Temmuz 2012  

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԱՄՊԱՐԻԶՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ -

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԱՄՊԱՐԻԶՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԱՄՊԱՐԻԶՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԱՄՊԱՐԻԶՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յայտնի է մեր համայնքի անդամներուն, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին պատահած է տխուր եւ ցաւալի դէպք մը։ Հայազգի բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը, որ կը պատկանի Գատըգիւղի ծուխին, յետ մահու ինչ ինչ պարագաներու տակ թաղուած է Իւմրանիյէի Իսլամաց Գերեզմանատան մէջ՝ Մահմետական ծիսական արարողութենէ ետք։

Այս հարցին կապակցութեամբ Ակօս շաբաթաթերթը հեռաձայնային հարցազրոյց մը ունեցած էր Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հետ, որ յայտնած էր, թէ Պատրիարքարանը տեղեակ չէր պատահարէն եւ հանգուցեալին թաղման մասին ոչ մէկ դիմում ներկայացուած էր Պատրիարքարան։ Բնականաբար, եթէ դիմում ներկայացուած ըլլար, պատշաճը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կը տնօրինուէր յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգի հետ առնչուած։ Նաեւ աւելցուցած էր, թէ նիւթականի անձկութեան եւ կամ չգոյութեան պատճառներով ցարդ ոչ ոք անթաղ թողուած էր համայնքին մէջ։ Գոյութիւն ունէին Թաղային Աղքատախնամ մարմիններ, որոնք նման պարագաներուն սիրով կը կատարէին իրենց վիճակուած ծառայութիւնը։ Նոյնիսկ կազմակերպիչ հաստատութիւններ կþընդառաջէին Պատրիարքարանի ցուցմունքներուն։

Առկայ հարցը զարգացած էր ըստ հետեւեալի. Յարութիւն Գամպարիզօղլու, որ այլեւս Համազգային Անկելանոցի (Տարիւլաճէզէ) մնայուն բնակիչն էր, առողջական պայմաններու վատթարացման պատճառաւ դարմանումի համար փոխադրուած էր Սիւրէյյափաշա հիւանդանոցը, ուր եւ մահացած էր 17 Յունիս 2012 թուականին։ Ողբացեալին դուստրը՝ Աննա Թաշճեան, իր մէկ ազգականին՝ Գրիգոր Մէշալէճեանի միջոցաւ դիմած էր Օշին Մոմճեանի եւ պարզելով իր նիւթական տկարութիւնը, պահանջած էր թաղման ընթացքը։ Իրեն ներկայացուած էր սակ մը, որ գումարը կը հասնէր 8.000,00 Թրքական Լիրայի, որուն մէջ կը գտնուէր թաղմանական գործո¬ղութեան հետ առնչուած զանազան ծախսեր նաեւ կարեւոր գումար մը՝ հողակոյտի գնման փոխարէն։ Աննա Թաշճեան ըսած էր, թէ չունէր այդ կարողութիւնը եւ պահանջած էր մասնավճարով դիմագրաւել եւ կամ Պատրիարքարան դիմել։ Այդ պարագային ըսուած էր իրեն, թէ Պատրիարքարանը բան մը չէր կրնար ընել այդ ուղղութեամբ։ Միւս կողմէն, հիւանդանոցի վարչութիւնը պահանջած էր փութով մարմինը փոխադրել։ Իսկ, անճրկացած Աննա Թաշճեան, խուճապի մատնուելով դիմած էր իր հասկացողութեամբ լուծման միջոցի մը՝ որոնելով անվճար թաղման ճամբան։ Ինչ, որ դուռ բացած էր անբաղձալի վիճակի մը՝ ապահովելով արարողութիւն ու թաղում Իսլամաց ծէսով։

Այս լուրջ հարցը, որ խիստ անհանգստացուցիչ եւ անըմբռնելի տեսարան մը պարզած է համայնքիս եւ տեղական մամլոյ մէջ, կը մնայ աննախընթաց։ Այս հարցին կապակցութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 2 Յուլիս 2012, Երկուշաբթի առաւօտ Պատրիարքարան հրաւիրեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամ Օշին Մոմճեանը եւ ի ներկայութեան Կրօնական Ժողովոյ Դիւանին լուսաբանութիւն պահանջեց։

Օշին Մոմճեան, ըսաւ, թէ ինք հողակոյտի գնման փոխարժէքին համար (3.500,00 ԹԼ) ընդունած էր մասնավճարի դրութիւնը, իսկ մնացեալ գումարը արդէն սպասարկութիւն կատարող անձանց վճարելի գումարը ըլլալով կարելի չէր մասնավճարով ընդունիլ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը նախ լսեց տրուած բացատրութիւնները եւ խստիւ յանդիմանեց նախ այն պատճառաւ, թէ կազմակերպչական աշխատանք կը տանէր անպաշտօն կերպով։ Ապա՝ ամենակարեւորը, անզիջող դիրք որդեգրած էր հաւատացեալի մը նկատմամբ, որ Եկեղեցի կը ներկայանար եւ անելի մատնուած էր։ Իսկ ինք թելադրած էր Աննա Թաշճեանին՝ չդիմել Պատրիարքարան։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը արգիլեց նաեւ յիշեալ անձին, յետ այսու կազմակերպչական կարգադրութիւններ ընել հակառակ պարագային Աթոռը պիտի հարկադրուէր խիստ միջոցառումներու դիմել։

Այս ունկնդրութենէն ետք, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց Աննա Թաշճեանը, ի ներկայութեան Կրօնական Ժողովոյ Դիւանին եւ իրմէ լսեց ծանօթ հարցին ծալքերը։ Ան, հաստատեց դէպքի փուլերը եւ ընդունեց, որ ինքն ալ որոշ չափով սխալած էր՝ չդիմելով Պատրիարքարան։ Սակայն կը պնդէր, թէ ինք դիմած էր Եկեղեցի եւ իրեն սխալ ուղղութիւն ցոյց տրուած էր առանց նկատի ունենալու իր անել կացութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը առաջարկեց, որ Յարութիւն Գամպարիզօղլուի մարմինը Հայոց Գերեզմատուն փոխադրուի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսով կատարուի ողբացեալին յուղարկաւորութիւնը։ Իսկ, Աննա Թաշճեան յայտնեց, թէ ինք ալ անհանգիստ էր պատահարէն եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց այդ ուղղութեամբ։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս., Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ Ժողովոյ Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ., յետ ունկնդրութեանց նկատի ունեցան հետեւեալ կէտերը։

Եկեղեցւոյ ոեւէ անդամ երբ կը մահանայ, անոր անկենդան մարմինը հողին կը յանձնուի յարգանքով եւ կրօնական յատուկ արարողութեամբ եւ աղքատաց Յուղարկաւորութեան կարգադրութիւնները ձրիօրէն կը կատարուին։ Նոյնիսկ հեռաւոր քաղաքներու մէջ կը կատարուին նման արարողութիւններ՝ անվճար։ Պատրիարքարանը չունի յատուկ սնտուկ մը, ուրկէ դիմագրաւէ նման ծախսեր։ Սակայն Աթոռը ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի գոհացում տայ փափաքներու՝ իր կարելիութեան սահմաններէն ներս։ Այս դրութիւնը միշտ գոյութիւն ունեցած է։

Հակառակ այն իրողութեան, թէ Պատրիարքարան դիմող անձինք կը փորձեն զեղջել սակացոյցը եւ յետոյ կը կատարեն մեծածախս զարդարանք ու հիւրասիրութիւն, Պատրիարքարանը կը հիմնուի իրենց այն խօսքին, թէ անկարող են դիմագրաւել Պատրիարքարանի, Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականաց նուիրացոյցը։ Նման անձինք յաճախ չեն գիտակցիր, թէ այսպիսով հաստատութիւնները կը տկարանան ու ի վերջոյ համայնքն է, որ կը տուժէ։

Ողբացեալ Յարութիւն Գամպարիզօղլուի յուղարկաւորութեան առթիւ Աթոռոյս վճարելի գումարը պիտի ըլլար 270.00 ԹԼ եւ այդ ալ դիմում կատարուելու եւ նիւթական անկարողութիւնը յայտնելու պարագային անշուշտ պիտի չգանձուէր։ Միւս կողմէն, որքան ճիշդ էր չդիմել ամէն միջոցի եւ չհասնիլ Պատրիարքարան ու համոզուիլ Օշին Մոմճեանի տուած սխալ ուղղութեամբ։

Պարագաները ինչ որ ալ ըլլային, երբեք ընդունելի պիտի չըլլար հաւատացեալի մը անշնչացած մարմնին ամփոփումը ոչ-Քրիստոնեայ գերեզմանատան մէջ, այդ ալ ոչ-Քրիստոնեայ ծէսով։

Հետաքրքրական էր նաեւ, թէ ինչ հիման վրայ կատարուած էր Ողբացեալ Յարութիւն Գամպարիզօղլուի թաղման արարողութիւնը։ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներ իսկ իրարմէ կը պահանջէին արտօնագիր՝ արարողութեան եւ թաղման համար։ Ինչպէ՞ս կարելի եղած էր Քրիստոնեայ հաւատացեալի մը յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարել Իսլամական ծէսով։ Այս առումով ալ Աթոռը պիտի կատարէր հարկ եղած դիմումները։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+