Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի Նախաձեռնութեամբ Մշակութային Ձեռնարկ Մը՝ Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

20 Mart 2015  

Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի Նախաձեռնութեամբ Մշակութային Ձեռնարկ Մը՝ Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ -

Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի Նախաձեռնութեամբ Մշակութային Ձեռնարկ Մը՝ Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի Նախաձեռնութեամբ Մշակութային Ձեռնարկ Մը՝ Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան կայացաւ շահեկան հանդիպում մը՝ «Թուրքիոյ մէջ հայեր. համայնք-անհատ-քաղաքացի» հատորին հեղինակներուն հետ։ 2009-ին հրատարակուած այս հատորը իր ամբարած տեղեկութիւններով, կատարած մեկնաբանութիւններով կամ ներկայացուցած փաստերով կարեւոր հաւաքածոյ մը, աղբիւր մը կը հանդիսանայ՝ թրքահայութիւնը ճանչնալու առումով։ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակից էին «Մարմարա» համալսարանէն Կիւնայ Կէօքսու Էօզտողան, «Կալաթասարայ» համալսարանէն Ֆիւսուն Իւսթէլ, «Շեհիր» համալսարանէն Ֆերհատ Քենթէլ եւ արձակագիր Գարին Գարագաշլը, որոնք օգտաշատ զրոյց մը ունեցան ներկաներուն հետ՝ «Շեհիր» համալսարանէն Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլուի ղեկավարութեամբ։
Սրահին մէջ ներկայ էին Հայ կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան, Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը՝ Մագ․ Հ․ Սարգիս Ծ․ Վրդ․ Էրմէն եւ Հ․ Յակովբոս Ծ․ Վրդ․ Չօփուրեան, Ս․ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհիներն ու կրթական մշակները, հետաքրքիրներու կոկիկ բազմութիւն մը։

Խօսելով հատորին պատրաստութեան դրդիչներուն մասին, բանախօսները նշեցին, թէ 1990-ականներու եւ 2000-ականներու սկիզբին տարբեր խորհրդարաններէ ներս ընդունուող կամ օրակարգի եկող հայկական բանաձեւերն ու Թուրքիոյ մէջ ինքնութիւններու յայտնաբերման, բացայայտման ընթացքը զիրենք մղած են կատարելու աշխատանք մը՝ աւելի լաւ հասկնալու համար թրքահայերու ինքնութիւն կերտելու հոլովոյթը, ողջ պատմութեան ընթացքին։ Նշուեցաւ, թէ մինչ այդ թրքահայութեան վերաբերեալ կարելի էր տեղեկանալ միայն պետական աղբիւրներէն, կրկնել միայն պետական տեսակէտները, որոնք հեռու էին ճշմարտութիւնը արտացոլելէ, սակայն հետզհետէ փոխուեցաւ այդ երեւոյթը։ Որպէս բեկումնային պահեր նշուեցան հայկական խորհրդաժողովին կայացումը, որ դուռ բացաւ նմանատիպ այլ խորհրդաժողովներու՝ հասնելու համար իսլամացած հայերու վերաբերեալ կարեւորագոյն հանգրուանի մը։ Բանախօսները առանձնացուցին նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեամբ բացուած շրջանը։ Պատմական այդ դէպքը նոր շրջան մը իրապէս բացաւ երկրին մէջ, բոլոր անոնց համար, որոնք ինքնութեան նիւթին շուրջ կը մտածեն, սկսան արտայայտուիլ։ Նշուեցաւ, որ կան թէեւ դրական տեղաշարժեր, սակայն մերթ զգալի է նաեւ պետական ճնշում մը զանազան մակարդակներու վրայ, համալսարաններու մէջ յատկապէս։ Սակայն գոյացած հասարակական կարծիքը կրնայ դիմադրել այլեւս նման ճնշումներուն։ Յատկանշական էր Քենթէլի կողմէ հնչած «սուրբ լռութիւնը»՝ 1915-ի շուրջ։ Լռութիւն մը, որ բնական կը թուէր իրեն, մինչեւ Հրանդ Տինքին հետ ծանօթացումը։ Ան նշեց, թէ հայերուն իրենց ինքնութեան համար մաքառիլը հաւասար է յեղափոխութեան մը։ Ծանօթանալէ ետք պատմութեան, հայոց ինքնութեան կայացման պայքարին՝ կեանքը սկսած են շարադրել նորովի։ Բանախօսները նշեցին, թէ քրդական շարժման առընթեր, հայերուն ալ խօսիլ սկսիլը համարձակութիւն ներշնչեց այլոց եւ անոնք ալ սկսան արտայայտուիլ եւ որոնել, պեղել իրենց ինքնութեան տարրերը։ Հեղինակները ներկայացուցին նաեւ գիրքի հրատարակութեան թուականէն՝ 2009-էն մինչեւ հիմա անցնող շրջանի զարգացումները՝ խօսելով գիրքին գտած ընդունելութեան մասին ալ։
Բանախօսութեան աւարտին ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու բանախօսներուն, որոնք պատասխանեցին անոնց, ինչպէս նաեւ մակագրեցին իրենց ներկայացուած հատորները։
Հաւաքոյթին հուսկ բանքը արտասանեց Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան։ Արեւմտեան տեսութիւններու արեւելեան միջավայրերուն մէջ յարուցած անյարմարութիւնները մատնանշելէ ետք, ան ըսաւ, որ արեւելեան հասարկութիւնները հարկաւոր է որ մշակեն իրենց հասարակական գիտութիւնները՝ ճանչնալու համար իրենք զիրենք։ Ան գնահատեց հեղինակներուն աշխատանքը եւ առաջարկեց գիրքը ա՛լ աւելի մատչելի դարձնելու համար զայն ենթարկել նոր խմբագրութեան մը։

Ժամանակ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+