Սեւան Նշանեան Ինչո՞ւ Բանտարկուած - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

04 Ağustos 2015  

Սեւան Նշանեան Ինչո՞ւ Բանտարկուած -

Սեւան Նշանեան Ինչո՞ւ Բանտարկուած Սեւան Նշանեան Ինչո՞ւ Բանտարկուած

«Պիրկիւն» լրատուական կայքէջի վրայ Ֆերիտուն Նատիրի ստորագրութեամբ հրատարակուած է յօդուած մը, որուն մէջ յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ Սեւան Նշանեան երկար ժամանակէ ի վեր բանտը կը գտնուի պարզապէս անոր համար, որ 60 մեթր քառակուսի հրաշալի շէնք մը կառուցած է Մաթեմաթիկ գիւղի Փիլիսոփայութիւն թաղամասի մէջ: Որքան ալ անհաւատալի ըլլայ, Նշանեանի բանտարկութեան պատճառը այս է, մինչ Թուրքիոյ մէջ անհաշիւ շէնքեր կը շարունակեն մնալ, հակառակ որ ապօրէն կերպով կառուցուած են: Իսկ Նշանեան ոչ միայն իր գիւղը կոչեր է Մաթեմաթիկ գիւղ կամ իր թաղամասն ալ կոչեր Փիլիսոփայութիւն թաղամաս, այլ նաեւ հոն շիներ է շատ գեղեցիկ փոքրիկ շէնք մը:

Ամէն մարդ գիտէ սակայն, որ Նշանեան իրականութեան մէջ այդ փոքրիկ շէնքին շինութեան համար չէ, որ բանտարկուած է: Իշխանութիւնները այդ շէնքը իբրեւ պատրուակ գործածեցին, որպէսզի լռեցնեն Նշանեանը: Նոյնը կ՛ըսէ յօդուածագիրը, որ կը գրէ այսպէս.

«Մարդու մը արժէքը ինչպէ՞ս կը չափուի: Անշուշտ ամէն մարդ արժէքաւոր է, բայց մարդոց բուն արժէքը կը չափուի այս աշխարհի մէջ անոնց ձգածներէն: Եթէ Սեւան Նշանեանը բանտարկողները գոյութիւն չունենային, աշխարհ ի՞նչ կը կորսնցնէր, չեմ գիտեր, ասիկա իրենց պէտք է հարցնել, բայց եթէ Սեւան Նշանեանը չըլլար, գոյութիւն պիտի չունենային հարիւրաւոր գիրքեր ու թարգմանութիւններ, գոյութիւն պիտի չունենար Շիրինճէ գիւղը, գոյութիւն պիտի չունենար Մաթեմաթիկ գիւղը, կամ թէ այդ գիւղը այսօրուան պէս պիտի չըլլար, գոյութիւն պիտի չունենային Նշանեանի կողմէ Թուրքիա բերուած «Քոմոտոր» համակարգիչները, Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած պիտի չըլլար համակարգիչի առաջին պարբերաթերթը, մանաւանդ գոյութիւն պիտի չունենար թուրք լեզուագիտութեան այն հրաշալի ուսումնասիրութիւնը, զոր կատարած է Նշանեան: Նշանեան այս բոլորին մասին պատմած է իր ինքնակենսագրական գիրքին մէջ ու անկարելի չէ չսարսափիլ անոր ցուցաբերած քաջութեան դիմաց:

Յօդուածագիրը օրինակներ կը նշէ Նշանեանի բառագիտութեան գիրքէն ու դիտել կու տայ, որ ան բացած է թուրք լեզուագիտութեան նոր մէկ ուղին: Այնուհետեւ կը յիշեցնէ, թէ Նշանեան ինչեր ըսած էր, երբ բանտ կը մտնէր:

«Թուրքիա դժբախտաբար կը կառավարուի այնպիսի մարդոց կողմէ, որոնք չունին հորիզոն, տեսիլք, որոնք չափ չունին ու գաճաճներ են: Մեղք է այս երկրին: Բոլորս ալ արժանի ենք աւելի լաւին: Կը յուսանք, որ օրին մէկը տեսիլք ունեցող, լաւը գէշէն զատորոշել գիտցող մարդոց կողմէ կառավարուի այս երկիրը: Եթէ իրենց ուզածին պէս չես խաղար, քեզ կը պատժեն: Զիս ալ բանտարկելու այսպիսի միջոց մը գտան: Իմ ըսածներուս ու ըրածներուս համար ինծի դէմ հարիւրաւոր դատեր բացուած են: Քաղաքական իշխանութիւնները եթէ ուզեն, կրնան սրբագրել այս անիմաստութիւնը: Այնքան շատ դատ կայ ինծի դէմ, որ չեմ գիտեր, թէ ասոնց հաշիւը ինչպէ՞ս պիտի բռնուի: Մաթեմաթիկի մասնագէտ մը անգամ այս հաշիւին մէջէն չի կրնար ելլել: Բայց գիտեմ, որ բաւական երկար ժամանակ պիտի մնամ ներսը»:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+