
26 Ağustos 2015  
 
Սուրիոյ մէջ Իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումները կործանած են Սուրիոյ Հոմս քաղաքի մօտ գտնուող Քարիքաթայն շրջանի Մար Ելիան վանքը. որ կառուցուած է Ե, դարուն։ Սփռուած տեսերիզով մը ահաբեկիչները ցուցադրած են վանքի քանդումի ոճրային արարքը։ Սուրիոյ մէջ մարդակային իրաւանց դիտարանը հաստատած է սոյն լուրը։
Քարյաթայն շրջանը օգոստոս ամիսէն ի վեր, կը գտնուի Իսլամական խմբաւորումներուն տիրապետութեան տակ։ Սուրիոյ կառաւարութիւնը  զանազան յարձակումներ կատարելով  փորձած է իր հակակշիռին տակ  առնել շրջանը սակայն՝ չէ յաջողած։